ԿՂԶԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, ներկայ ամառնամուտին սահմանափակումներ հաստատուեցան Իշխանաց կղզիներ ելք ու մուտքի համար։ Մեր համայնքի մեծ թիւով անդամներն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւին այս իրադարձութեան։ Այսպէս, երէկ կէսգիշերին Իշխանաց կղզիներ ելք ու մուտքերու համար հաստատուեցան սահմանափակումներ, որոնք պիտի գործադրուին մինչեւ 31 մայիս 2020, կիրակի կէսգիշերը։

Իսթանպուլի համաճարակի դէմ պայքարի խորհուրդին կողմէ յարմար դատուած այս սահմանափակումները երէկ հրապարակուեցան Կղզեաց գաւառապետութեան կողմէ։ Հաշուի առնելով, որ օդը կը տաքնայ՝ դէպի կղզիներ հաւանական այցելութիւնները պիտի բարձրացնէին համաճարակի ծաւալման վտանգը։ Ուստի, հանրային առողջապահութիւնը երաշխաւորելու համար հաստատուած են սահմանափակումներ։ Գաւառապետութեան զեկոյցին մէջ յստակ թուարկուած են նաեւ բացառութիւնները։ Անոնք, որոնք 23 ապրիլ 2020 թուականէն առաջ ունեցած են բնակման արձանագրութիւն, պիտի ունենան անարգել ելք ու մուտքի իրաւունք։

Այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ Կղզեաց քաղաքապետ Էրտեմ Կիւլ, ըստ որու սա առաջին հերթին առօրեայ այցելութիւնները սահմանափակելու համար առնուած որոշում մըն է։ Էրտեմ Կիւլի խօսքով՝ ելքն ու մուտքը արգիլուած չէ, այլեւ՝ սահմանափակումներ հաստատուած են։ Ըստ իրեն, պիտի ջանան դիւրութիւններ ընծայել բոլոր անոնց համար, որոնք բնակութեան պաշտօնական արձանագրութիւն չունին կղզիներու մէջ, սակայն այնտեղ կ՚ապրին։ Այսինքն, գաւառապետարանն ու քաղաքապետարանը յառաջիկայ օրերուն պիտի ջանան դիւրացնել կացութիւնը բոլոր անոնց, որոնք կղզիներու մէջ բնակարան ունին եւ ամարանոցի համար կ՚երթան այնտեղ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2020