ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՀԻՒՐԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մատրան եւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանն ու երէցկինը։ Անոնք իրենց նորածինին հետ եկած էին Պատրիարքարան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց տէր հայրն ու երէցկինը, աղօթեց իրենց անդրանիկ զաւկին համար եւ մաղթեց, որ առողջ եւ երջանիկ ըլլայ ան: 

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024