ԶԻՊԷՉ-Ի ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Երէկ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի տարեվերջի հանդէսը։ Շատ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այդ ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի վերահսկողութեան ներքեւ։ Յանուն հոգաբարձութեան ներկայ էր Կարպիս Փոլատ։ Մասնագիտական անձնակազմն ու աշակերտներու ծնողներն ալ մասնակցութիւն բերին հաւաքոյթին։ Զէյթինպուրնուի հանրային կրթութեան կեդրոնի տնօրէն Օրհան Այեըլտըզ եւ իր օգնականն ալ փութացած էին բաժնելու ԶԻՊԷՉ-ի տղոց ուրախութիւնը։

Հանդիսութեան ընթացքին ընդգծուեցաւ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ ԶԻՊԷՉ-ի գործունէութեան տեւականացման ուղղութեամբ շարժման անցուած միջոցները։ Այս առթիւ երախտագիտական արտայայտութիւններ հասցէագրուեցան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին, փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանին եւ հոգաբարձութեան բոլոր անդամներուն։

Յայտագրին տեւողութեան ԶիՊԷՉ-ի տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով, արժանանալով ծափահարութիւններու։ Ելոյթներ ունեցան Կարպիս Փոլատ, Սիլվա Թրիքա եւ ԶԻՊԷՉ-ի համակարգող Կիւլֆիտան Էօվիւչ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին ԶԻՊԷՉ-ի բոլոր տղաքը համախմբուեցան համակրելի մեներգչուհի Մարալ Չափան Ադամանի շուրջ ու միասնաբար ամառնամուտի բնորոշ երգեցողութիւնով մը իրենց աշխատանքային տարին եզրափակեցին։

Արձակուելէ առաջ բոլոր ծնողները շնորհակալութիւն յայտնեցին Սիլվա Թրիքային եւ իր գործակիցներուն, որոնք հոգաբարձութեան հովանաւորութեան ներքեւ եռանդով կը տեւականացնեն ԶԻՊԷՉ-ի գործունէութիւնը։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017