ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԸ

Էսաեանի ընտանիքը շաբաթավերջը անցուց տօնական տրամադրութեամբ։ Էսաեանցիներու այս տարուան հաւաքը առիթ հանդիսացաւ արտասովոր ոգեւորութեան եւ բոլորը ականատես դարձան սերունդներու մեծ տողանցքի մը։

Էսաեանցիներու օրուան առթիւ վարժարանը դռները լայն բացած էր՝ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու համար, որոնք նախ համախմբուեցան Էսաեան սանուց միութեան սրահին, ապա վարժարանի պարտէզին մէջ։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Գարոլին Սարըի հանդիսավարութեամբ։ Ներկայ էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն դէմքեր, Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, լիսէի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ եւ հոծ թիւով զանազան սերունդներէ էսաեանցիներ։

Աւելի վերջ Էսաեանի մեծ ընտանիքի համակրանքին առարկայ դարձան այս տարուան յոբելեար դասարանները։ Այսպէս, 1963-64 տարեշրջանի ընթացաւարտները նշեցին իրենց 60-ամեակը։ Յանուն 60-ամեայ յոբելեարներու սրտի խօսք մը արտասանեց Արաքսի Քաշեան Էօլչէր։ Իրենց 50-ամեակը տօնեցին 1973-74 տարուան ընթացաւրտները, որոնց անունով արտայայտուեցաւ Արմենուհի Ժագլին Արատեան։ 1983-84 տարուան ընթացաւարտները նշեցին իրենց 40-ամեակը։ Յանուն յոբելեար դասարանի խօսք առաւ Ալին Հոթաթ։ Իսկ իրենց 25-ամեակը նշեցին 1998-99 տարուան ընթացաւարտները, որոնց անունով արտայայտուեցաւ Մարալ Հերկել-Էօզտաղ։

Յայտագրի տեւողութեան իրենց ելոյթներով ծափահարութիւններու արժանացան Էսաեան վարժարանի սաներէն Միրանտա Աչըքպաշը, Ժագլին Տատեանն ու Ժերոմ Շիմշէքչաքը։

Սանուց միութեան յայտագրի աւարտին էսաեանցիները միասնաբար ճաշեցին իրենց պատմական վարժարանի պարտէզին մէջ՝ մինչ վայրկեան մը յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ հանգուեալ էսաեանցիներուն համար։ Բաժակի պահուն հանդէս եկան երիցագոյն էսաեանցին՝ Սիլվա Կոմիկեան եւ ամենակրտսերագոյնը՝ Ալիսա Սիւնիւք։ Լենա Ենիեորկան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Բոլոր էսաեանցիները բաժակ բարձրացուցին եւ տօնական տրամադրութեամբ կրկնեցին իրենց անփոփոխ մաղթանքը՝ պատմական կրթօճախի յարատեւութեան համար։ Ճաշի ընթացքին արտայայտուեցան նաեւ Տենչա Չընար, Առլին Եշիլթեփէ եւ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ։

Հանդիսութեան տեւողութեան էսաեանցիները լիուլի ապրեցան իրարու հետ համախմբուելու երջանկութիւնը։ Ստեղծուած մթնոլորտին ի շարունակութիւն հատուեցաւ նաեւ յոբելեար շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։

Միւս կողմէ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիրներուն՝ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատներուն, ինչպէս նաեւ հանգուցեալ բոլոր տնօրէններուն, կրթական մշակներուն, սատարողներուն եւ սաներուն։

Այսօր ալ յոբելեար շրջանաւարտները դպրոցին մէջ կը հիւրընկալուին՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան։

Պ. Ս.

  

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2024