ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2018-2019 ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Էսաեան վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքին համար երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հրաժեշտի փայլուն արարողութիւն մը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած հրաժեշտի հանդիսութիւնը անցաւ տօնական մթնոլորտի մը մէջ։ Վարժարանը այս տարի ունի 18 շրջանաւարտ, որոնք ջերմօրէն շրջապատուեցան երէկուան բացօթեայ հանդէսի ընթացքին։ Էսաեանի մեծ ընտանիքը այս տարուան ընթացաւարտներուն հրաժեշտ տուաւ յուզումնախառն զգացումներով, ապագայ յաջողութեան անկեղծ մաղթանքներով։ Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի, Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, ուսուցչական կազմը, Էսաեանի ընտանիքէն պատասխանատուներ, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր։

Շրջանաւարտ տղաքը հանդիսաւորապէս ներկայացան ընթրիքի սեղաններու շուրջ համախմբուած երեկոյթի մասնակիցներուն։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Երազ Իւլեկէնի եւ Անդրանիկ Պաքըրճըօղլուի։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ փոխ-տնօրէնուհի Սունայ Քըլըչարսլան։ Շրջանաւարտներուն անունով արտայայտուեցան՝ Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան, Լարիս Դալար Տամլա, Ասլին Չիզմեճի եւ Լիանա Ճինկէօզ։

Ելոյթներէն վերջ շրջանաւարտները ստացան իրենց խորհրդանշական վկայականներն ու Պէյօղլուի ընտանիքին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները։ Այս տարուան շրջանաւարտներու շարքին իրենց բացառիկ յաջողութեամբ առանձնացած էին Սեւակ Պիւյիւքսիմքէշեան եւ Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան, որոնց վերապահ-ւած էին յաւելեալ պարգեւներ։

Հանդիսութեան տեւողութեան տղաքը խմբերգներով հանդէս եկան՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ։ Պարքովիզիոնի ցուցադրութիւն մըն ալ կատարուեցաւ անոնց աշակերտական շրջանին մասին։ Ծափողջոյններու ներքեւ ընթացաւարտները հատեցին նաեւ իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին շրջանաւարտները մինչեւ ուշ ատեն զուարճացան դպրոցի պարտէզին մէջ, ուր վերջին անգամ կը գտնուէին որպէս աշակերտ։

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019