Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԿԱՐԵՒՈՐ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ուշագրաւ գրառումով մը։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ ընկերային զանազան առցանց հարթակներու վրայ իր դէմ յառաջ քշուած անհիմն պնդումները, իրեն հասցէագրուած անարգանքներն ու անհատական իրաւունքներու դէմ ոտնձգութիւնները արժեւորուած են պատկան դատական իշխանութիւններուն կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան կողմէ դատախազութեան մօտ կատարուած դիմումի հիման վրայ վարոյթ ստացած են այս գործերը։ Դատուած անձերը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին հաշտարար լուծում առաջարկած են՝ Սէմէրճեան-Ճեմարան եւ Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարաններու  օժանդակութեան միութեան եւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ նուիրատուութիւն ընելու փոխարէն՝ դատավարութեան ընթացքը կասեցնելու մասին։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդառաջացած է մեղադրեալներու առաջարկին եւ այսպէսով դատական գործը կարճուած է ի նպաստ իրեն։

Այս բոլորէն դուրս եղած է մեղադրեալ մը, որ կազմած է բացառութիւն։ Ան համաձայնական, խաղաղ լուծումը մերժած է։ Բայց եւ այնպէս, դատավարութեան աւարտին իրեն ի նպաստ վճիռ մը չէ արձակուած։ Դատավճիռը եղած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ի նպաստ։ Մեղադրեալը, որ դատական մարմիններուն կողմէ չէ արդարացուած, այս պահուն ուրիշ դատական գործի մըն ալ առարկան է՝ քանի Նորին Սրբազնութիւնը մէկ թրքական լիրա բարոյական հատուցման պահանջ ներկայացուցած է իրեն։ Դատական մարմինները որոշած են այս գործընթացի վարոյթը ընդունիլ։

Ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառման մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնած է, որ ենթականերու անունները, դատավարութեան եւ հարցաքննութեան թղթածրարներու թիւերը չէ հրապարակած՝ չխախտելու համար անհատական տուեալներու պաշտպանութեան վերաբերեալ օրէնսդրութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2022