Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՔԱՂԱՔՍ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Հայաստան, երէկ վերադարձաւ քաղաքս՝ Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով։ Կը տեղեկանանք, որ ան իր կեցութեան օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունուած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։

Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, Պայծառակերպութեան տաղաւարին առթիւ նորին սրբազնութիւնը վաղը պիտի հանդիսապետէ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ աւանդական տօնակատարութիւններուն։

Շաբաթ, Յուլիս 27, 2019