ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի երէցը՝ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Սամաթիոյ թաղականները զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցին, որ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպի 24-25 Սեպտեմբերի շաբաթավերջին։ Ուստի, 25 Սեպտեմբեր 2016, Կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին նախատեսուած է Սամաթիոյ մատաղօրհնութիւնը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան աղօթքով պիտի ոգեկոչուին թաղի հանգուցեալ սատարողները, նաեւ պիտի սարքուի սիրոյ սեղան՝ ի նպաստ Սահակեան-Նունեան վարժարանի։ Թաղականները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ այցելեցին Գումգաբու եւ Նորին Սրբազնութեան զանազան տեղեկութիւններ փոխանցեցին թաղի ընթացիկ կացութեան եւ խնդիրներուն առընչութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ տարեկան անուան տօնախմբութեան հանդիսութիւններուն համար անոնք խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը։ Թաղականները կալուածներու վերաբերեալ նիւթերուն շուրջ ալ մասնաւորապէս լուսաբանեցին Ընդհանուր Փոխանորդը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ Պատրիարքական Աթոռը կը հովանաւորէ Սամաթիոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց իրենց փոխանցուած տեղեկութիւններուն շուրջ եւ օրհնեց Սամաթիոյ ընտանիքին կողմէ ծաւալուած բազմակողմանի գործունէութիւնը։ Ան իր գնահատանքն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն։
Թրքահայ կեանք
- 10/07/2024
- 10/07/2024