ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն ու գործակից ընկերները։ Թաղականներուն հետ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ աւանդական մատաղօրհնութիւնը այս տարի նախատեսուած է 15 դեկտեմբերին։ Ուստի, ըստ ընկալեալ սովորութեան սիրոյ սեղանի ընդառաջ թաղականները այցելեցին Պատրիարքարան, ուր եկեղեցւոյ ու դպրոցի ընդհանուր կացութեան մասին տեղեակ պահեցին նորին սրբազնութիւնը։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց՝ Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները ընդունած ըլլալու համար։ Ան իրեն ներկայացուած տեղեկութեանց լոյսին տակ գնահատեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ծառայութիւնը՝ փոխանցելով իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2019