ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԶԵՏԵՂՈՒԱԾ Է ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Շիշլիի գերեզմանատան վարչութենէն Վահէ Ասլանաթան եւ յայտնի քանդակագործ ու նկարիչ Էրօլ Սարաֆեանը։ Հարկ է նշել, որ Էրօլ Սարաֆեանի կողմէ ստեղծագործուած մեծանուն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի կիսանդրին վերջերս տեղադրուած է Շիշլիի գերեզմանատան մէջ եւ բացումը պիտի կատարուի 5 հոկտեմբերին։ Ասլանաթա եւ Սարաֆեան կիսանդրիի բացման արարողութեան հրաւիրեցին նորին սրբազնութիւնը։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան զրոյցի տեւողութեան գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, որ յաւելեալ առիթ մը կ՚ընձեռէ՝ անմահ երգիծաբանի թողած աւանդը սերունդէ սերունդ փոխանցելու առումով։ Նորին սրբազնութիւնը բարձր գնահատեց նաեւ Էրօլ Սարաֆեանի տարած ստեղծագործական աշխատանքը եւ իր օրհնութիւնները փոխանցեց յարատեւութեան մաղթանքով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2019