ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ու Գարակէօզեան Տան միջեւ վերջերս տարակարծութիւն մը  գոյացած է կալուածի մը վերաբերեալ։ Սոյն հարցով, Նորին Ամենապատուութիւնը անցեալ շաբթուան ընթացքին հանդիպումներ ու գաղափարի փոխանակումներ ունեցած է երկու կողմերուն հետ եւ բերած՝ իր հայրական թելադրութիւնները։

Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը այս առթիւ հրաւէր ուղղած է կողմերուն, որպէսզի անոնք Պատրիարքարանի մէջ հանդիպին իրարու հետ 28 հոկտեմբեր 2020, չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին եւ սատարեն հարցին բարւոք լուծման։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020