ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱՐ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՆԵՑՈՒԿԸ

Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական հանգանակութիւնը։ Այս տարի քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով հաստատուած սահմանափակումներուն համապատասխան ձեւով կը կազմակերպուի տարեկան հանգանակութիւնը։ Սիրոյ սեղանի ոգեւորութիւնը թէեւ ամէն տարուան նման չէ, սակայն հանգանակութեան նշանակութիւնը սովորականէն աւելի նուազ չէ Տատեան վարժարանի գործունէութեան տեսակէտէ։ Պաքըրգիւղի ընտանիքն ալ գործի լծուած է սահմանափակումներով պայմանաւորուած դժուարութիւնները յաղթահարելով տարեկան մատաղօրհնութենէն առաւելագոյն արդիւնքին հասնելու նպատակով։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը թէ՛ տնտեսական տագնապի եւ թէ համաճարակի հետեւանքով շատ ծանր շրջան մը կը դիմագրաւէ եւ այս շրջանին դժուարութիւններէն բաժին կը վիճակի նաեւ Պաքըրգիւղի ընտանիքին՝ Տատեան վարժարանի առաքելութիւնը կայուն հունի մէջ պահելու ճանապարհին։

 Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի կողմէ գլխաւորուած Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը ջանայ բոլոր լծակները շարժման անցընել դպրոցի եկամուտները երաշխաւորելու համար։ Այս տարի մեր բոլոր վարժարաններու համար կազմակերպուած տարեկան հանգանակութիւնները ընդհանրապէս չեն արդարացներ իրենց վրայ դրուած յոյսերը, արդիւնքները բաւարար չեն ըլլար մեր վարժարաններու պիւտճէի տարեկան բացերը հաւասարակշռելու տեսակէտէ, սակայն բոլորի մատակարար մարմինները կը սպասեն ունենալ նոր միջոցներ։ Յայտնի է, որ բոլոր դպրոցներու համար նախատեսուած հանգանակութիւններէն վերջ համայնքէն ներս անհրաժեշտ պիտի ըլլայ յաւելեալ աշխատանք տանիլ՝ պիւտճէի բացերը վերջնականօրէն լրացնելու համար, սակայն մինչ այդ աւանդական հանգանակութեան դրութիւնը կը շարունակէ մնալ կարեւոր։

Այս ամբողջով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ է, որ Պաքըրգիւղի ընտանիքն ալ տքնաջան աշխատանք կը տանի։ Տատեան վարժարանը ունի այնպիսի դիրք մը, որ կը գտնուի մեր համայնքի մարդուժի տեսակէտէ ամենահարուստ կէտերէն մէկուն վրայ։ Տասնամեակներէ ի վեր ան եղած է օրինակելի դպրոց մը, որու աշակերտներուն յաջողութիւնը կ՚արժանանայ համատարած գնահատանքի։ Վերջին տարիներուն այս վարժարանին տեսակէտէ ոստումի առիթ մը եղաւ նաեւ անոր վերակառուցուած համալիրը։ Ուստի, Պաքըրգիւղի ընտանիքը գործնականօրէն կ՚ապացուցանէ, թէ այս թաղի համար ներդրուած բոլոր միջոցները նպատակասլաց ձեւով կ՚արդարացուին։ Այդ համարձակութիւնով է նաեւ, որ Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս կը դիմէ մեր համայնքին՝ հերթական անգամ զօրակցութեան կոչ ուղղելով ի նպաստ Տատեան վարժարանին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2020