ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՇՈՒՔՈՎ

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի յիշատակի տօնին առթիւ նախընթաց օր Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խօսեցաւ քարոզ մը։

Արարողութենէն վերջ տեղապահ սրբազան հայրը Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հիւրընկալեց մեր հոգեւորականաց դասու անդամները, ինչպէս նաեւ սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները։ Նորին սրբազնութիւնը այս փուլին հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը, որու ընթացքին շնորհաւորութիւններ յղեց սարկաւագներուն։ Ան կանգ առաւ եկեղեցական կեանքէ ներս օրինակ ըլլալու կարեւորութեան վրայ։

Աջահամբոյրէ վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու շուրջ ջերմ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ընդառաջ։  

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2017