ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաքն ու իր գործակից ընկերները։ Կազդուրման կայանի վարչայինները այս առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Անոնք հաւաստիացուցին, թէ Կազդուրման կայանը մանկանց առաքելութեան ճամբով պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը ի նպաստ համայնքին։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար։ Ան դիտել տուաւ, որ մասնաւորապէս ամրան շրջանին մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Կազդուրման կայանին կը վիճակի կարեւոր պատասխանատուութիւն։ Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական թելադրութիւններ ըրաւ՝ այս ուղղութեամբ ծառայութիւնը առաւել եւս արդիւնաւորելու նպատակով։ Պատրիարք Հայրը նաեւ յայտնեց, որ իր նախորդներուն նման պիտի ջանայ Աթոռի հոգածութեան առարկայ դարձնել մեր համայնքի զաւակները։ Հուսկ, ան իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց Կազդուրման կայանի վարչայիններուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020