ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակին ձօնուած ձեռնարկ մը։ Որակեալ հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Տ. Կորիւն Ա. Քահանայ Ֆէնէրճեան եւ Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան։ Դպրոցի աշակերտները յաջողութեամբ գործադրեցին յայտագիրը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։ Ձեռնարկի պատրաստութիւնները վերահսկած էին՝ դպրոցի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, ուսուցչական կազմէն Ռենա Ճիրօղլու, Թաթիանա Պոստան եւ Ժպտուն Զուռնաճը, ինչպէս նաեւ յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեան։ Հանդիսութիւնը ցոլացուց Յովհաննէս Թումանեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, որու ամբողջին մէջ կ՚առանձնանան իր հեքիաթները։

Հանդէսի աւարտին գնահատանքի խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ։ Հուսկ բանքն ալ խօսեցաւ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2020