ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ այս օրերուն զօրակցութեան շարժում մը սկսած է՝ ի նպաստ երկրաշարժի աղէտեալներուն։ Այսպէս, միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հիւսքի աշխատանոց մը՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան անդամուհի Թանիա Հանչէրօղլուի, որ, միեւնոյն ժամանակ, վաստակաւոր գծագրութեան ուսուցչուհի մըն է։ Այսպէս, միութեան հաւաքատեղիին մէջ համախմբուեցան խումբ մը տիկիններ, որոնք հիւսքի աշխատանք տարին՝ նպաստելու համար աղէտեալներու կարիքներու դիմագրաւման գործին։ Աշխատանոցի աւարտին անոնք պատրաստած էին վզնոցներ եւ մանկական ծածկոցներ, որոնք յառաջիկային պիտի ուղարկուին կարիքաւորներուն։

Միութենէն կը հաղորդուի, որ յաջորդ շաբաթներուն ալ պիտի շարունակուին այս աշխատանոցները։

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023