ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, հիւրընկալեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան Կապոյտ ցուցակի թեկնածուները՝ գլխաւորութեամբ Արէտ Աքփոլատի։ Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց հիւրերը եւ գոհունակութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցի համար, որու ընթացքին ծանօթացաւ թեկնածուներուն։ Իրենց կարգին, Կապոյտ ցուցակի թեկնածուները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թեկնածուներուն տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց։

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023