ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ տօնեցին Ս. Զատկի մօտալուտ գալուստը:

Վարժարանի հանդիսասրահը գեղեցկօրէն զարդարուած՝ սիրով կը դիմաւորէր իր զատկուան հիւրերը: Սրահին պատուհաններուն փակցուած, առաստաղէն կախուած էին մանկապարտէզի տղոց ձեռային աշխատութիւնները՝ ճուտիկներ, նապաստակներ, ստեպղիններ եւ գոյնզգոյն հաւկիթներ: Այս բոլորը նախքան հանդիսութեան սկսիլը՝ արդէն իսկ սրահին մէջ կը ստեղծէին զատկուան ուրախ մթնոլորտը: Իսկ բեմին խորքը կախուած վարագոյրը դարձեալ բծախնդրօրէն պատրաստուած էր օրուան յատուկ բնորոշ զարդարանքով:

Փոքրիկներուն հանդէսը իր ներկայութեամբ պատուած էր Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան: Հանդէսին ներկայ էր նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան:

Եւ վերջապէս սկիզբ առաւ հանդէսը: Փոքրիկները ներկայացուցին իրարմէ գեղեցիկ պարեր. ճուտիկներուն, զատկաճճիներուն, մեղուներուն, նապաստակներուն, ստեպղիններուն պարերը իրարու յաջորդեցին: Այսպէս՝ իրերայաջորդ պարերով փոքրիկները հանդիսատեսներուն աչքերուն առջեւ պարզեցին բնութեան վերազարթնումը: Բեմին վրայ նկարագրուած ամէն մէկ պատկեր կ՚աւետէր գարունը իր ամբողջ կենսունակութեամբ: Ապա տղաքը հանդէս եկան արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով: Տղաքը իրենց սիրուն զգեստներուն մէջ կատարեցին զատկուան արտասանութիւններ եւ երգեցին զատկուան գողտրիկ երգեր թէ՛ հայերէնով եւ թէ անգլերէնով:

Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ վարժարանի նախակրթութեան տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը: Ան շնորհաւորեց բոլոր ներկաներուն այս մեծ տօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի ժրաջան ուսուցչուհիներուն՝ մանկապարտիզպանուհիներ՝ Սիպիլ Աւագօղլուի, Թանիա Փաքէթիքի, Ռեհան Եաղեազանի, Մելիսա Իփեքլիի, Մարալ Կիւլպայծառի, Միրելլա Կիւլէր Շուքուրովի, երաժշտութեան ուսուցչուհի Շուշան Գալաթաշի եւ անգլերէնի ուսուցչուհիներ՝ Իլոնա Քիւչիւքրէիսեանի, Փոլին Չանքարի եւ Քլոտիա Սմբատեանի, որոնք միասնաբար պատրաստած էին սոյն հանդէսը: Իսկ պարային աշխատանքներուն բծախնդրօրէն հսկած էր կրկին վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Ռեհան Եաղեազան: Գալով բեմի բծախնդիր յարդարանքին՝ այդ մէկն ալ գործն էր վարժարանի գծագրութեան ուսուցչուհի Հիւմէյրա Քըլըճի:

 Շնորհաւորութիւններէ ետք տղաքը բարձրացան իրենց դասարանները, ուր անոնք բազմեցան իրենց համար սարքուած սեղաններուն շուրջ եւ այնուհանդերձ սկսաւ հաւկթամարտը: Զատկի սեղանին վրայ տեղ գրաւած էին նաեւ մանկապարտէզի աշակերտներուն իրենց փոքրիկ թաթիկներով պատրաստած անուշեղէնները: Կերուխումէն ետք փոքրիկները վազեցին դէպի պարտէզ, ուր պիտի կատարուէր հաւկթորսը: Զատկի նապաստակը՝ Նապիկը նախապէս պարտէզի խոտերուն, ծառերուն, կանաչութիւններուն մէջ պահած էր գունաւոր հաւկիթներու տոպրակներ: Տղաքը մեծ ուշադրութեամբ հաւաքեցին հաւկիթները եւ զանոնք զետեղեցին իրենց կողովներուն մէջ: Այս հաճելի խաղի աւարտին պզտիկները յոգնած դադրած վերադարձան իրենց դասարանները: Վարժարանի ծնողաց միութիւնները տղաքը եւ ծնողները հիւրասիրեցին Զատկի խմորեղէններով: Իսկ յետմիջօրէին զատկուան ոգեւորութենէն իրենց բաժինը ստանալու կարգը այս հեղ նախակրթութեան, միջնակարգի եւ լիկէոնի աշակերտներունն էր: Անոնք ալ ծնողաց միւթեան հիւրասիրութեամբ եւ հաւկթամարտով ապրեցան անմոռանալի զատկուան տօնակատարութիւն մը:

Այսպէս՝ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը անգամ մը եւս իրեն վայել շքեղութեամբ տօնուեցաւ Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, իր շուրջ համախմբելով փոքրիկները եւ անոնց սրտերուն մէջ արծարծելով սիրոյ եւ ուրախութեան բարի զգացումները:

Չորեքշաբթի, Մարտ 28, 2018