ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութենէն ներս անցեալ շաբթուան մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով, որու արդիւնքով ընտրուեցաւ միութեան նոր վարչութիւնը։ Մինչեւ 2021 թուականը միութեան ղեկը պիտի ստանձնէ այս նորընտիր վարչութիւնը, որու կազմին մէջ կը գտնուին՝ Սեւան Աթաօղլու, Ալին Շէնճան, Արի Մեշալէճիօղլու, Քրիստին Տելլալօղլու, Արէտ Տէյիրմենճի, Թանիա Հանչէրօղլու եւ Ալէն Պիւյիւքգույումճեան։

Յաջողութիւն կը մաղթենք նորընտիր վարչութեան։

Սանուցէն ուղարկուած լուսանկարին մէջ կ՚երեւի վարչութեան նոր կազմը։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019