ԷՍԱԵԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Էսաեան վարժարանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտութեան հանդէս, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Մելիսա Սիլելեանի եւ Ռալֆ Եալըն Չամի։ «Ողջո՜յն տաճար»ի երգեցողութենէն վերջ տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով։ Բոլորը ջերմօրէն շրջապատուեցան Պէյօղլուի պատասխանատուներուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմի։ Տղաքը ուսուցիչներուն կողմէ ալ առանձնայատուկ վերաբերմունքի առարկայ դարձան՝ իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը հատելու ժամանակ։ Ստեղծուած ոգեւոր մթնոլորտին մէջ տնօրէնուհի Անիլտա Մենեքշէն ալ արտասանեց շնորհաւորութեան խօսք մը։

Էսաեանի միջնակարգը այս տարի ունի տասն շրջանաւարտ։

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022