ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՄԵԾՆ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՐԵԿՈՅԹ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետին ձօնուած գեղարուեստական փայլուն ձեռնարկ մը։ «Կոմիտաս Վարդապետ՝ Անլռելի զանգակատուն» խորագրեալ ձեռնարկը պատուեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու շուրջ էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանին ձօնուած էր այս երեկոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր գործակից ընկերները, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները, տնօրէնուհի Լիզա  Չոլաքօղլու, Ներսէսեան դպրաց դասու դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, կրթական մշակներ եւ կղզեբնակ մշակութասէրներ։

Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ ստեղծուած էր խորհրդաւոր մթնոլորտ մը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ զանգակատան ներքեւ։ Եկեղեցւոյ բակին մէջ կը հնչէին Կոմիտասի գործերը, մինչ զանգակատան վրայ ալ ցոլացած էր անոր դիմանկարը։ Եկեղեցւոյ մայր խորանէն ճառագող լոյսի շողերն ալ կու գային ամբողջացնել այս խորհրդաւոր պատկերը։

Օրուան յայտագիրը պատրաստուած էր յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեանի մեծ ջանքերով։ Ներկաներուն մատուցուեցան Կոմիտասի կեանքին ու գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ, ցուցադրուեցան դրուագներ, մատուցուեցաւ անոր երաժշտութիւնը եւ այս բոլորին զուգահեռ կային արտասանութիւններ։ Արամ Կոստանեանի տպաւորիչ ասմունքները բնորոշեցին երեկոյթի գագաթնային պահերը։ Յայտագրի երաժշտութեան բաժինը գլխաւորեց Ներսէսեան դպրաց դասու վարիչ Հրանդ Չիզմեճեան։ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու,  Էլլա Ենոքեան, Մուրատ Սեփեթճի, Միսաք Էօղրէթ, Տիանա Չիլինկիր, Նարեկ Քազիքօղլու մասնակցութիւն բերին հանդիսութեան զանազան փուլերուն։ Գիշերուան մութին մէջ երգուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի գլուխ գործոցներէն «Տէր ողորմեա»ն։ Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի կողմէ Կոմիտաս Վարդապետի մասին արտասանուած յայտնի ճառէն ալ հատուած մը ունկնդրելու հնարաւորութիւն ունեցան ներկաները։

Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ մը ունեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ յայտագրին մէջ ներգրաւուած անձերուն, որոնց որպէս յիշատակ յանձնուեցան Կոմիտասի նկարները։ Հուսկ բանքն ալ արտասանեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2019