ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նայիրա Սերթշիմշէքը, որ վերջերս իր տարիքային դասաւորման մէջ առաջնութիւն ծաւալած էր ձիավարութեան մրցաշարքի մը արդիւնքով։ Այցելութեան ընթացքին իրեն կ՚ընկերանար հայրը՝ յայտնի համայնքային գործիչ Սարվէն Սերթշիմշէք։ «Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց Նայիրա Սերթշիմշէքը եւ բարձր գնահատեց մարմնամարզի բնագաւառի մէջ անոր կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ փափաքած էր անձամբ ուրախակից ըլլալ Նայիրա Սերթշիմշէքին։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ Նայիրա Սերթշիմշէք ապագային եւս յաջողութեամբ պիտի ընթանայ՝ համատեղելով ուսման զարգացումը եւ մարմնամարզի նուաճումները։ Նորին Ամենապատուութիւնը արտայայտեց նաեւ իր գնահատանքը ծնողներուն նկատմամբ։

Իր կարգին, Նայիրա Սերթշիմշէքն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան կողմէ ցուցաբերուած հայրական մօտեցումին համար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020