ԱՆԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը։ Թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ հեղինակուած «Գատըգիւղի յուշամատեանի» շնորհանդէսին նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու շուրջ համախմբուած էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Մշակոյթի շաբթուան շրջանին զուգադիպած այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր առաւել չափով թաղի քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի ջանքերով։

Բազմաթիւ հոգեւոր հայրերու առընթեր ձեռնարկին մասնակցութիւն բերին Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, թաղի յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, բազմաթիւ գատըգիւղցիներ եւ հիւրեր։ Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Գրիգորեան եւ իր ընկերները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին երեկոյթի բոլոր մասնակիցները։

Յայտագրի բացումը կատարեց հայերէնի ուսուցչուհի Նաժտա Տեմիրճիօղլու, որ եւս լուրջ դեր ստանձնած էր այս ձեռնարկի կազմակերպման ուղղութեամբ։ Յետոյ, Սեւան Շէնճանի մականին ներքեւ, Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբը հանդէս եկաւ Հայրապետական մաղթանքի կատարումով։ Ատենապետ Արման Պիւքիւճեան ողջունեց թաղի երէցին կողմէ կատարուած վիթխարի աշխատանքը։ Աւելի վերջ թատերակի մը ձեւաչափով ներկայացուեցաւ, թէ ինչպէս այս յուշամատեանի պատրաստութեան մտայղացումը ունեցած էր Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Դերակատարներն էին Արաս Սարըչոպան, Արի Էօզտէր, Արեգ Պէրպէրօղլու, Վերա Հեմենկիւլ եւ Նելլի Պասմաճեան։

Այս կարճ ներկայացումէն վերջ Նաժտա Տեմիրճիօղլու տեսողական առարկաներու մատուցմամբ բազմակողմանիօրէն ներկայացուց յուշամատեանի հինգ հատորները։ Նաժտա Տեմիրճիօղլու իսկապէս յաջող ձեւով ցոլացուց, որ յուշամատեանին մէջ Գատըգիւղի ընտանիքը ինչպէս ներկայացուած է իր տեսակաւորութեան մէջ՝ անցեալ շուրջ երեք դարերու հոլովոյթին մէջ։ Աշխատասիրութեան տրամաբանութեան հետեւելով՝ ան անդրադարձ կատարեց թաղի եւ եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմութեան, հոգեւոր սպասաւորներուն, թաղականներուն, պատգամաւորներուն, Գատըգիւղէ ներս հայ դպրոցի գործունէութեան, սանուց միութիւններուն եւ այլ ընկերային կառոյցներուն, յառաջատար ընտանիքներուն, անոնց ապարանքներուն եւ ընկերային զօրակցութեան ուղղութեամբ անոնց կողմէ կատարուած նախաձեռնութիւններուն եւ ի վերջոյ գրական, իրաւաբանական, բժշկական եւ այլ բնագաւառներու մէջ գործունէութիւն ծաւալած յառաջատար անհատներուն, որոնք ծնած, ապրած կամ ստեղծագործած են Գատըգիւղի մէջ՝ իրենց հերթը թողլով թաղի պատմութեան վրայ։ Նաժտա Տեմիրճիօղլուի խօսքին մէջ յատուկ բաժին մը վերապահուած էր Կոմիտաս Վարդապետի եւ Գատըգիւղի առընչութեան մասին։ Համապատասխան արտայայտութիւններուն զուգահեռ՝ Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբը հանդէս եկաւ Կոմիտասի «Տէր ողորմեայ»ով, միշտ Սեւան Շէնճանի մականին ներքեւ։

Այս մանրամասն ծանօթացումէն վերջ սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ կանգ առաւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան բարձր արժէքին վրայ։ Ապա հանդիսատեսները հնարաւորութիւն ունեցան հաղորդ դառնալու հեղինակի կենդանի խօսքին։ Այսպէս, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի հետ կենդանի զրոյց մը վարեց «Գատըգիւղի յուշամատեան»ին շուրջ։ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան այս փուլին առանձնապէս մատնանշեց իր օգտագործած աղբիւրները եւ այս փուլին մէջ մեծապէս կարեւորեց հայ մամլոյ ունեցած դերը, առանցքային նշանակութիւնը պատմական ուսումնասիրութիւններ ընելու եւ մեր անցեալին հաղորդ դառնալու առումով։ Ան յիշեցուց, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը մեր հաստատութիւններու ղեկավարութիւնները անպայման կ՚ունենային ատենագրութիւններ եւ վարչական փաստաթուղթերը անպայման կը պահպանուէին, ինչ որ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Բարեբախտաբար, ներկայիս Գատըգիւղի մէջ չէ ընդհատուած այդ աւանդութիւնը։

Այս զրոյցի աւարտին Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան առանձնապէս սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց՝ առաւել չափով շնորհակալութեան զգացումները արտայայտելու համար։

Երեկոյթի գլխաւոր կազմակերպիչը՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան յայտագրի գործադրութեան աւարտին յուշանուէրներ յանձնեց Նաժտա Տեմիրճիօղլուին, Սեւան Շէնճանին եւ Արա Գօչունեանին։ Գատըգիւղի ընտանիքին անունով ալ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանին համար պատրաստուած էին յուշանուէրներ։ Այսպէս, Արման Պիւքիւճեան եւ Րաֆֆի Գրիգորեան յանձնեցին տէր հօր յուշանուէրներ։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանն ալ շնորհանդէսի ոգեւոր մթնոլորտին մէջ իր հօր՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանին նուիրել փափաքած էր վերջերս իր հեղինակած գիրքը։ Ան խնդրեց, որ այդ մէկը յանձնուի ձեռամբ՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։

Յուշանուէրներու յանձնումէն վերջ նորին սրբազնութիւնը հանդէս եկաւ հուսկ բանքով։ Ան ըսաւ, որ այս վիթխարի աշխատանքով՝ հեղինակ տէր հայրը հետք մը կը թողու պատմութեան մէջ։ Յիշեցնելով, որ պատմութեան տեւողութեան մեր հայաբնակ թաղերը, ներառեալ Գատըգիւղը, շատ յաճախ հրոյ ճարակ դարձած են ու դարձեալ վերաշինուած են՝ իրենց եկեղեցիներով, դպրոցներով եւ յարակից կառոյցներով։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտնեց, որ սա հայ ժողովուրդին բնորոշ երեւոյթ մըն է, իսկ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի պատրաստած յուշամատեանը կը համարուի հայու վերականգնուող հոգիի կոթողը։ Իր խօսքերով՝ պէտք է լաւ գիտնանք, որ մեր ժառանգութիւնը ուրկէ կու գայ, ուրկէ բխած է։ Նորին սրբազնութիւնը միեւնոյն ժամանակ խորհուրդ տուաւ, որպէսզի հնարաւորութեան սահմաններու մէջ այս յուշամատեանի համառօտ ձեւը պատրաստուի նաեւ թրքերէնով՝ որպէսզի լայն հասարակութիւնը այլընտրանքային աղբիւրներու կարիքը կարենայ դիմագրաւել, մանաւանդ հայկական աղբիւրներու միջոցաւ։ Սրբազան հայրը փակումէն առաջ ներկաները հրաւիրեց վայրկեան մը յարգանքի լռութիւն պահելու՝ ի յիշատակ բոլոր անոնց, որոնք վերյիշուած են այս յուշամատեանին մէջ։

Ս. Թագաւոր երգչախումբը եզրափակիչ փուլին Տէրունական աղօթքը երգեց եւ նորին սրբազնութեան արձակման աղօթքով շնորհանդէսը հասաւ իր աւարտին։

Ձեռնարկէն վերջ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ հոգեւոր հայրերուն եւ երեկոյթի մասնակիցներուն կողմէ, որոնց բոլորը իրեն յղեցին շնորհաւորութիւններ եւ մաղթեցին արեւշատութիւն՝ երկարամեայ ծառայութեան ճանապարհին։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած ընդունելութեան ժամանակ շարունակուեցաւ գինեձօնի երեկոյթին ոգեւորութիւնը եւ ներկաները հրաժեշտ առին՝ իրենց հետ տանելով յուշամատեաններ։

(Երկուշաբթի օրուան մեր թիւով այս մասին պիտի հրատարակենք արտասանուած կարգ մը ուղերձները եւ յաւելեալ լուսանկարներ)։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2017