ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԻՇ

Երէկուան օրը մեր համայնքին տեսակէտէ բնորոշուեցաւ խնդութեամբ եւ հպարտութեամբ։ Արդարեւ, Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ սարքուած տարեկան սիրոյ սեղանը զօրակցութեան մրցանիշ մը կոտրեց, ինչ որ հաւաքական խթանի մը վերածուեցաւ թրքահայ իրականութեան տեսակէտէ։ Համայնքային շրջանակները աննախընթաց հանգանակութիւն մը ապահովեցին Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ։ Դպրոցին համար սարքուած տարեկան սիրոյ սեղանը ո՛չ միայն պսակուեցաւ փայլուն ու գերազանց յաջողութիւնով մը, այլեւ՝ եղաւ ամուր կամքի դրսեւորում մը մեր կրթական հաստատութիւններու գոյութեան երաշխաւորման ճանապարհին։

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ապրուեցաւ մեծ եռուզեռ։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կեդրոնական դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ովսաննա Գալէնտէրեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Քրիստին Սալմասլըի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, Կեդրոնականի հիմնադիր հոգելոյս պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի շիրմին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Տեղի ունեցաւ նաեւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Ս. Պատարագի մասնակից հոգեւոր հայրերուն սիրոյ սեղանի ժամանակ միացան նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Հիւրերու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ներկայացուցչական խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն Մարգրիտ Տիքմէ, տիրամայր Մարի Մութաֆեան, բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Կեդրոնականի զանազան սերունդներէ սաներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ կեդրոնականցի երեք սաներու՝ Սարին Սարէրի, Ալէն Զինզանի եւ Ռոպին Աբրահամօղլուի հանդիսավարութեամբ։ Դպրոցի երաժշտութեան ակումբի սաները կատարումներով հանդէս եկան՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։

Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու ներկայացուց դպրոցի տարեկան պիւտճէն։ Ան մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Շաքէ Գույումճեան-Աշճեանին, որ Հէյպէլի կղզիի յարկաբաժինը կտակած է Կեդրոնականին։

Յայտագրի տեւողութեան Կեդրոնականի սաները տողանցեցին հիւրերուն մէջ եւ պաստառներ ի ձեռին տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրոցին շուրջ։ Հանդիսութեան ընթացքին հիւրերուն ներկայացան նաեւ դպրոցի վերջին շրջանաւարտները, որոնք բաժնեցին իրենց զգացումները։ Տղաքը բոլոր հիւրերուն նուիրեցին ցորեն եւ նուռ՝ ի նշան բերրիութեան։ Այս խանդավառ մթնոլորտին մէջ սրտի խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Ասմունքներով ծափահարութիւններու արժանացաւ Լէյլա Սարիբէկեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։

Մինչ յայտագրի գործադրութիւնը կը մօտենար իր աւարտին, արդէն սրահին մէջ զգալի դարձած էր տօնական տրամադրութիւն։ Արդարեւ, դպրոցի այս տարուան պիւտճէի բացը գրեթէ հաւասարակշռուած էր, որովհետեւ նուիրահաւաքման արդիւնքը արդէն հասած էր 2 միլիոն թրքական լիրայի մակարդակին։ Այս ողջունելի արդիւնքին համար ամբողջ սրահի որոտընդոստ ծափահարութիւններուն արժանացաւ դպրոցի երիցագոյն սաներէն, յայտնի բարերար Հայկ Ասլանեան, որ կը գլխաւորէր կարգադիր յանձնախումբը։ Հայկ Ասլանեան երկար տարիներէ ի վեր օրինակելի ձեւով երախտագիտական տուրքը կը հատուցէ իր հասած դպրոցին նկատմամբ եւ Կեդրոնականի նման պատմական կրթօճախի մը հանդէպ կը ցուցաբերէ նուիրում եւ նախանձախնդրութիւն։

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ տեղապահ սրբազան հօր հուսկ բանքով եւ աղօթքով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2019