ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՍԱՐՔՈՒԱԾ ՆԱԽԱՃԱՇԻ ՍԵՂԱՆՆԵՐԸ ՈԳԵՒՈՐ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԸ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐԷ ՍԱՆԵՐ

Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նախաճաշերը կը շարունակեն համախմբել հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։ Երկու շաբաթը անգամ մը դպրեվանքցիները ի մի կու գան սանուց միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ։ Այս ծիրէն ներս երէկ առաւօտ ալ 1999-2003 շրջաններու ընթացաւարտները մէկտեղուեցան նախաճաշի սեղանի շուրջ։ Շրջանաւարտները ընտանեօք կը մասնակցին այս նախաճաշերուն, ինչ որ առաւել եւս ոգեւորութեան առիթ կ՚ընձեռէ եւ բոլորը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զիրար կը վայելեն սեղաններու շուրջ։

Նախաճաշի այս հաւաքոյթները սանուց միութեան վարչութեան կողմէ կը վերածուի նաեւ առիթի մը՝ հաղորդ դառնալու համար շրջանաւարտներու ակնկալութիւններուն եւ առաջարկներուն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2019