ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին սրբազնութիւնը երէկ գիշեր Հայաստան մեկնեցաւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով։ Ան ուշ երեկոյեան հասաւ Զուարթնոց օդակայան, ուրկէ առաջնորդուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս օրերուն կը մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի կ՚ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Կը տեղեկանանք, որ ԳՀԽ-ի նստաշրջանէն վերադառնալէ վերջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս անգամ պիտի ուղեւորուի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Այսպէս, ան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերաբերեալ լուսանկարչական ցուցահանդէսի բացման։ Այս ձեռնարկը կազմակերպուած է Հանրապետութեան նախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2019