INTERCONTINENTAL-Ի ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին առթիւ շաբաթավերջին ճաշկերոյթ մը սարքուեցաւ Թաքսիմի INTERCONTINENTAL պանդոկին մէջ։ Երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Իսթանուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մօտ պաշտօն ունեցող մեր համայնքի անդամներն ալ հրաւիրուած էին այս երեկոյթին։ Համայնքային շրջանակներէն եւ Սամաթիոյ ընտանիքէն բազում ծանօթ դէմքեր ներկայ գտնուեցան այս երեկոյթին։ Յայտագրին շրջագծով ելոյթներ ունեցան Սամաթիոյ ընտանիքէն պատասխանատուներ։ Երախտագիտութեան առարկայ դարձան շարք մը գործիչներ, որոնք այս յիսուն տարիներուն ընթացքին իրենց աջակցութիւնը բերած էին դպրոցին։ Երաժշտական բաժնին մէջ հանդէս եկան նաեւ Պարթեւ Կարեան եւ Մարալ Աթաման։ Ծափողջոյններու ներքեւ հատուեցաւ յոբելեանի կարկանդակը։
Բոլոր ներկաները յարատեւութիւն ու նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին Սահակեան-Նունեան վարժարանին համար, տնօրէնուհիներ Թալին Մաթոսօղլուի եւ Ժանէթ Ներկիզի անձին մէջ։