«ՈՄԱՆՔ» ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԻՐ ՆՈՐ՝ «ԲԱՆԱԼԻՔ» ԱԼՊՈՄԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂ ԳՏԱԾ ԵՐԳԵՐՈՎ

«Ոմանք» երաժշտական խումբը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Ներկայիս այս խումբը երաժշտասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Բանալիք» անուանեալ ալպոմ մը եւ երէկուան համերգը հետամուտ էր այդ ալպոմի ծանօթացման նպատակին։ «Ոմանք» աստիճանաբար մեր երաժշտական կեանքէն ներս կ՚առնէ իր ուրոյն տեղը եւ այս վերջին ալպոմի թողարկումն ալ եկած է ամրապնդել անոր դիրքը։ «Ոմանք»ի վայելած համակրանքն ալ հետզհետէ կ՚աւելնայ մեր հաւաքական կեանքէն ներս եւ այս հանգամանքի վառ ապացոյցը եղաւ երէկուան համերգին արժանացած հետաքրքրութիւնը։ Լեփ լեցուն դահլիճի մը առջեւ հանդէս եկան «Ոմանք»ի անդամները, որոնք սկաւառակի մէջ տեղ գտած տասներկու գործերը մեկնաբանեցին, մինչ երգացանկը ճոխացուած էր նաեւ այլ գործերով։ Երէկուան համերգի երգացանկի տասնհինգ գործերէն հինգը յօրինուած էր մեր շարք մը կարեւոր բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ։ Այդ բանաստեղծներն էին՝ Կարպիս Ճանճիկեան, Զահրատ, Սիլվա Կապուտիկեան, Ռուբէն Սեւակ եւ Հերանոյշ Արշակեան։ Բոլոր գործերու յօրինումները կատարուած էին «Ոմանք»ի կողմէ։

Ուրիշ հեղինակաւոր անուն մըն ալ առընչուած է «Ոմանք»ի նոր՝ «Բանալիք» ալպոմին հետ։ Սկաւառակի արտադրութեան գործին իր անփոխարինելի նպաստը բերած է հայկական երաժշտութեան արդի մեծ անուններէն Արթօ Թունչպոյաճեան, որու նկատմամբ յարգանքի ու երախտագիտութեան արտայայտութիւններ հնչեցին բեմէն։

«Ոմանք»ի համերգին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, երեսփոխան Կարօ Փայլան եւ համայնքային շրջանակներէն այլ յայտնի դէմքեր։ Երեկոյթի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին «Ոմանք»ի անդամները շրջապատուեցան ջերմօրէն։ Ներկաները իրենց գնահատանքն ու համակրանքը արտայայտեցին այս խումբին նկատմամբ, քանի որ ան հետզհետէ կը խորանայ մեր երաժշտական ժառանգութիւնը նորովի մեկնաբանելու ճանապարհին վրայ։ Ընդունելութեան ընթացքին ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան ապահովելու նաեւ «Բանալիք» ալպոմը։ «Ոմանք»ի անդամները մակագրեցին քանի մը սկաւառակներ՝ խումբի համակիրներուն համար։

«Ոմանք»ի կազմին մէջ կը գտնուին Արի Հերկել, Իլքէմ Պալսէչէն, Լառա Նարին, Ռուբէն Մելիքսէթօղլու, Սարօ Ուստա եւ Թայիս Եըլտըզճը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017