ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԼԵՆԱ ՍԱՐԸՕՂԼՈՒ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԲԱՌԱԽԱՂԻ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցեցան անգլերէն բառախաղի մրցոյթի մը։ «Մարմարա» կրթական հաստատութիւններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային այս ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ 156 աշակերտ՝ Իսթանպուլէն 39 վարժարաններու կողմէ։ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը ներկայացուցին՝ Լենա Սարըօղլու, Աքսէլ Ուղուր, Արի Արման Քայաօղլու եւ Ալեքս Տեմիր։

Աշակերտներու անգլերէն բառամթերքի զարգացման հետամուտ այս մրցոյթին մէջ առաջին հանդիսացաւ Մէրամէթճեան վարժարանի ներկայացուցիչներէն Լենա Սարըօղլու, որ արժանացաւ մրցանակի մը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017