ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵՆԹԻ-ՄԵՆԹՈՐԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մենթի-Մենթոր ծրագրի գործակից երիտասարդներ՝ Մերի Թաքսի Տեւեճեան, Ժպիտ Էօղէր, Գարոլին Իւչէր Իչլիիւրէքը։

Այցելու երիտասարդուհիները առաջին հերթին շնորհաւորեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեցին Նորին Ամենապատուութեան։ Նախապէս իրենց կողմէ առաջադրուած եւ գործադրուած ծրագրի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պատրիարք Հօր։ Հակիրճ ձեւով բացատրեցին, թէ ինչպիսի՞ ծրագիր մըն է, ի՞նչ է նպատակը եւ որքա՞ն ժամանակ կը պահանջէ։

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Ինք անգամ մը եւս շեշտեց, թէ երիտասարդներ յատուկ կարեւորութիւն ունին համայնքային կեանքէն ներս եւ ապագային զանազան առիթներով մեր համայնքի երիտասարդները ծառայութեան լծուելու տարբեր առիթներ պիտի գտնեն։ Պատրիարքական Աթոռը երիտասարդները զարգացնելու եւ համայնքային կեանքին ներգրաւելու ուղղութեամբ զանազան ծրագիրներ եւս պիտի մշակէ։ Նախապէս կիրարկուած «Մենթի-Մենթոր» ծրագիրը եւս մաս կը կազմէ սոյն նախագծին եւ ինք կը հաւատայ, թէ երիտասարդներու զարգացման ծառայած յիշեալ ծրագիրը օգտակար պիտի ըլլայ ապագային եւս։ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդներու նախանձախընդ-րութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց՝ ապագայ գործունէութեանց մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020