ԹԱՏՐՈՆԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍ

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը՝ Թատրոնի միջազգային օրուան առթիւ։ Տղաքը այս առթիւ ներկայացուցին թատերակներ։

Ներկայ էին հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան, տնօրէն Շահին Չընար, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Հանդէսի աւարտին, Շահին Չընար արտասանեց գնահատանքի խօսք մը եւ շնորհաւորեց բոլոր անոնք, որոնք ներգրաւուած էին այս ծրագրին։

Հինգշաբթի, Մարտ 29, 2018