ՏԱՏԵԱՆԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Աւագ շաբթուան օրերուն զուգադիպած այս հանդէսը տօնական մթնոլորտ ստեղծեց դպրոցէն ներս։ 39 հոգիէ բաղկացեալ առաջին դասարանի աշակերտները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով՝ խլելով ծափահարութիւններ ներկաներուն կողմէ։

Հանդէսի վերջաւորութեան շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ։ Ան մասնաւորապէս գնահատեց նախակրթարանի համակարգող Անիլտա Մենեքշէն, ինչպէս նաեւ կրթական մշակներէն Էլվին Էքմէքճիօղլուն, Մարալ Պաթարը եւ Պեկիւմ Էրթոքուշը։ Ալիս Պայրամ ընդգծեց նաեւ, որ ծնողները գիտակից գործակցութեան մէջ են դպրոցի տնօրէնութեան հետ։

Հանդէսի աւարտին տղաքը միասնաբար հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը եւ ստացան ծնողաց միութեան կողմէ տրուած նուէրները։

Հինգշաբթի, Մարտ 29, 2018