ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը։ Դպրոցի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան տօնական պատրաստութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Ծնողաց միութեան անդամուհիներուն առաջնորդութեամբ փոքրիկները ներկեցին հաւկիթներ ու պատրաստեցին տօնական շրջանի բնորոշ ուտեստեղէններ։ Այս բոլորը զուգորդուեցան երգերով ու խաղերով։

Նախակրթարանի յարաբերաբար աւելի մեծ տարիքով տղաքն ալ տօնական շրջանին առթիւ այցելութիւններ տուին մեծ ծնողներուն։

Հինգշաբթի, Մարտ 29, 2018