ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՈՏՆԼՈՒԱՅ

Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան այս առթիւ լուաց թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաներուն ոտքերը։ Աւագ հինգշաբթի օրուան խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ արարողութիւնը առիթ հանդիսացաւ հոգեւոր մեծ ուրախութեան։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024