Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՈՏՆԼՈՒԱՅ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն՝ հադիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ Նկատի ունենալով, որ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը յոբելենական շրջան մը թեւակոխած է՝ հանդիսադիր հայր սուրբը Աւագ հինգշաբթիի այս խորհրդաւոր արարողութեան ընթացքին լուաց դպիրներու ոտքերը։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024