ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Պէ­յօղ­լուի Ա­սո­ղիկ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բէն խումբ մը ան­դամ­ներ վեր­ջերս հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կան Լե­հաս­տա­նի Վրոք­լաւ քա­ղա­քին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Վրոք­լաւ ներ­կա­յիս Եւ­րո­պա­յի մշա­կոյ­թի մայ­րա­քա­ղաքն է եւ այս շրջագ­ծով կազ­մա­կեր­պուած փա­ռա­տօ­նի մը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած են Ա­սո­ղիկ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը։ «Կրո­թովս­քիէ­կօ» կա­ճա­ռին կող­մէ պաշ­տօ­նա­պէս հրա­ւի­րուե­ցան եւ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Ա­սո­ղիկ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը։

Հա­մեր­գը տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­ղա­քի Ս. Ան­թուան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ուր Ա­սո­ղիկ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին ան­դամ­նե­րը հան­դէս ե­կան Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գեզ­մայլ շա­րա­կան­նե­րու կա­տա­րում­նե­րով։ Ա­նոնք ունկն­դիր­նե­րուն վրայ խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծե­ցին ի­րենց յա­ջող մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով։ Ունկն­դիր­նե­րը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին Ա­սո­ղիկ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ար­դէն վե­րա­դար­ձած են քա­ղաքս։  

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016