ԱՐԱՄԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՕՐԸ

Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Աւանդական այս ձեռնարկը հանդիսացաւ սերունդներու մեծ ու խանդավառ ժամադրութեան մը թատերաբեմը։

Թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ առաւօտուն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ, որու աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Դպրոցի հիմնադիրներուն առընթեր ոգեկոչուեցան երբեմնի տնօրէնները, սատարողները, կրթական մշակներն ու սաները։

Կէսօրուան ժամերուն շրջանաւարտից հաւաքին բոլոր մասնակիցները համախմբուեցան Արամեան-Ունճեան վարժարանի պարտէզին մէջ, ուր ապրուեցաւ մեծ եռուզեռ մը։ Բացօթեայ սեղաններուն շուրջ մէկտեղուեցան արամեանցիները, որոնք կ՚ապրէին զիրար վերագտնելու անբացատրելի ուրախութիւնը։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեան եւ իր ընկերները ու բազմաթիւ հիւրեր։

Օրուան յայտագրին շրջագծով ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ ուսուցչուհի Նաժտա Տեմիրճիօղլու։ Յոբելեար շրջանաւարտները ստացան իրենց յուշանուէրները։ Այսպէս, 1956-57-ի շրջանաւարտները նշեցին իրենց 60-ամեակը, 1966-67-ի շրջանաւարտները՝ 50-ամեակը, 1976-77-ի շրջանաւարտները՝ 40-ամեակը եւ 1991-92-ի շրջանաւարտները՝ 25-ամեակը։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ աշակերտները հանդէս եկան արտասանութիւններով, նուագներով եւ պարերով։ Այսպէս, Ալիսիա Թիւյսիւզ, Սարին Նեւրուզ, Գարին Պետիկօղլու, Առլէն Ազարեան, Լարա Ճամկէօզօղլու, Քլարիս Կիւլ, Արեգ Պէրպէրօղլու, Սերենա Տաւիտօղլու եւ Գլոտիա Քէօրօղլուեան ունեցան յաջող ելոյթներ։ Բաժակի պահուն որպէս երիցագոյն արամեանցի հանդէս եկան Արման Պիւքիւճեան ու որպէս կրտսերագոյն՝ իր թռնիկը Առնօ Մարաշլեան։

Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան յայտագրի գործադրութենէն վերջ բոլոր ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։

         

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2017