ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Էսաեան վարժարանին մէջ այս օրերուն վերստին կը տիրէ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին մեծ հրճուանքը։ Սա էսաեանցիներու տարեկան մեծ տօնն է, որ հերթական անգամ առիթ կը հանդիսանայ հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաներուն համախմբման։

Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքի ծրագիրը կեանքի կը կոչուի երեք փուլով, որու առաջինը՝ բաժակի օրը տեղի ունեցաւ Շաբաթ առաւօտ։ Էսաեանցիներու օրուան առթիւ վարժարանը դռները լայն բացած էր բոլոր սաներուն համար, որոնք համակուած էին խանդավառութեամբ։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ դպրոցի սրահին մէջ։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով էսաեանցիներ։

Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն էր հանդիսավարը։ Ելոյթներ ունեցան Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ։ Յայտագրին տեւողութեան արտասանութիւններով հանդէս եկան դպրոցի աշակերտներէն Նիկոլ Նիզամեան եւ Թանիա Ստեփանեան։ Յայտնի Մեներգչուհի Ժագլին Չարքճըն ալ ներկայացուց կատարումներ Արի Էտիրնէի հետ։

Աւելի վերջ Էսաեանի մեծ ընտանիքի համակրանքին առարկայ դարձան այս տարուան յոբելեար դասարանները։ 1956-57 տարեշրջանի ընթացաւարտները նշեցին իրենց 60-ամեակը։ Անոնց շարքին էր մեր ասմունքի թագուհին՝ Սիլվա Կոմիկեան, որ արտայայտուեցաւ իր դասարանին անունով եւ ներկայացուց բանաստեղծութիւն մը։ 1966-67-ի ընթացաւարտները տօնեցին իրենց 50-ամեակը։ Այս դասարանին անունով խօսեցան Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Մելինէ Էօզազնաւուրեան։ 1976-77-ի ընթացաւարտները նշեցին իրենց 40-ամեակը։ Անոնց կողմէ արտայայտուեցաւ Նիլ Շիլէլեան։ 1991-92-ի ընթացաւարտները նշեցին իրենց 25-ամեակը։ Անոնց  ելոյթի համար ներկայացուցիչն էր Նազէն Կիւլէչ։

Յայտագրի այս փուլէն վերջ էսաեանցիները միասնաբար ճաշեցին իրենց պատմական վարժարանի համալիրէն ներս։ Բաժակի պահուն հանդէս եկան կրտսերագոյն էսաեանցին՝ Ալեքս Սիմիթեան եւ երիցագոյնը՝ Անի Առատեան։ Բոլոր էսաեանցիները բաժակ բարձրացուցին իրենց վարժարանի յարատեւութեան համար։ Իրենց համար երաժշտական յայտագիր մը գործադրեց Արի Պարութօղլու։

Բաժակի օրէն վերջ, երէկ ալ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ էսաեանցիները ոգեկոչեցին իրենց դպրոցի հիմնադիրները՝ բարեյիշատակ Էսաեան հարազատները, ինչպէս նաեւ հաստատութեան բոլոր սատարողները, տնօրէնները, կրթական մշակներն ու սաները։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան խրատականը։

Այսօր, ըստ ընկալեալ սովորութեան, յոբելեար դասարաններու սաները կը հիւրընկալուին Էսաեան վարժարանէն ներս, անմիջականօրէն կը շփուին այսօրուան աշակերտութեան հետ ու կէսօրին կը ճաշեն դպրոցին մէջ։

     

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2017