ՎԱՍՏԱԿԻ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄ

Շաբաթավերջին Ֆլորիայի «Crowne Plaza» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով մը նշուեցաւ «Լոյս» երկշաբաթաթերթի հիմնադրութեան հնգամեակը։ Պարահանդէսի ձեւաչափով կազմակերպուած էր այս տարեդարձի հաւաքոյթը, որու սկիզբին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը եւ յաջորդեց ճաշկերոյթը։ «Լոյս»ի արտօնատէր Արամ Քուրան, գլխաւոր խմբագիր Շահնուր Գազանճը եւ իրենց ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Երկշաբաթաթերթի հիմնադրութեան տարեդարձին առընթեր կատարուեցաւ նաեւ «Լոյս»ի կողմէ կազմակերպուած տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը։ Յանուն թերթի խմբագրութեան արտայայտուեցան Արամ Քուրան, Շահնուր Գազանճը եւ Պելինտա Քուրան։

Երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդական Նատիա Թաշէլ եւ համայնքային շրջանակներէն բազում յայտնի դէմքեր։ Միջոց մըն ալ ներկայ եղաւ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ։ Հանդիսավարներն էին՝ Նիլ Քարաքելեշ եւ Զատիկ Կէօքօղլու։ Ելոյթ մը ունեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ փոխանցեց նաեւ Պատրիարքական ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները։ Ներկաներու շարքին էր յայտնի դերասանուտի Փերրան Քութման, որ եւս ողջունեց հիւրերը։

«Լոյս»ի տարեկան մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս մեծարուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեան։ Պարբերականի տարեկան պատուոյ մրցանակը վերապահուած էր իրեն՝ հաշուի առնելով իր կողմէ շուրջ չորս տասնամեակէ ի վեր ներդրուած վաստակը հայ մամուլին համար։ Արամ Քուրան եւ Շահնուր Գազանճը միասնաբար յանձնեցին Նատիա Գօչունեանի պատուոյ մրցանակը։ Այս առթիւ ցուցադրուեցաւ նաեւ իր գործունէութեան մասին պատրաստուած տեսահոլովակ մը։

Մրցանակաբաշխութեան ծիրին մէջ պատուոյ մրցանակ մըն ալ տրուեցաւ «Լոյս»ի լուսանկարիչ Ալի Շիրին Կիւլթեքինին։ Այլ զանազան անուանակարգերու մէջ դափնեկիրները որոշուած էին թերթի ընթերցողներուն կողմէ։ Անոնց շարքին էին՝ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան, երիտասարդ մարզիկ Գարին Էօճալ, նոր սերունդէ կրթական մշակ Ալէն Թաշճըօղլու, եւ այլք։

«Վալս» նուագախումբին կողմէ գործադ-րըւած երաժշտական յայտագրով ներկաները հաճելի ժամանց ունեցան մինչեւ գիշեր-ւան ուշ ժամերը։ Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան նաեւ՝ Ալեքս Թաթարեան, Մարալ Աթաման եւ Ռիթա։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը, որու պարգեւն էր՝ յայտնի արհեստաւոր վարպետ Աւետիս Քենտիրի կողմէ բանուած ու նուրբ ճաշակով պատրաստուած գոհարեղէն մը։ Հասոյթը պիտի յատկացուի՝ մեր համայնքէն անանուն բարերարի մը կողմէ Հայաստանի մէջ ձեռնարկուած դպրոցաշինութեան ծրագրի մը զօրակցելու համար։

Ձեռնարկի խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ «Լոյս»ի տարեդարձի  կարկանդակի հատման փուլին, երբ ծափահարութիւններու արժանացաւ այն խումբը, որ կ՚արտադրէ այս թերթը։

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2017