ՓՈՒԹՈՎ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ենթարկուած յարձակումէն վերջ, իրաւապահ մարմինները արդէն իսկոյն գտած են յանցագործը։ Տեսախցիկներով արդէն հնարաւոր եղած է պարզել այս դէպքի մանրամասնութիւնները եւ այդ տուեալներու հիման վրայ պատկան իշխանութիւնները փութով ձերբակալած են կասկածեալը, որու հարցաքննութիւնը եւ ընթացակարգով նախատեսուած գործողութիւնները արդէն սկսած են։

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքի դրան խաչի զգետման այս ցաւալի դէպքի արձագանգները կը շարունակուին բոլոր հարթութիւններու վրայ։ Խաչը արդէն անմիջապէս տեղադրուած է, դարբիններու կողմէ կատարուած վերանորոգութիւններով։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ալ եկեղեցւոյ ենթարկուած վանտալիզմով սկսած գործընթացին մէջ ամէն ինչը կարգադրած է պատշաճօրէն։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ ան ամէն ինչը անհրաժեշտ ու պատշաճ ձեւով կարգադրած է, որպէսզի խնդիրը հարթուի։ Երէկ ալ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին այցելեց Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ տեղւոյն վրայ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Դիւանապետ հայր սուրբը իրազեկուեցաւ թէ՛ թաղային խորհուրդին եւ թէ իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներուն կողմէ։

Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ համայնքային շրջանակները, Պատրիարքական Աթոռի ալ ցուցմունքներով, այս հարցին մէջ վարուած են ծայր աստիճան նրբանկատ։ Մէկ կողմէ մեր համայնքի անդամները չվիրաւորելու, անոնց խիղճը յարգելու ուղղութեամբ ամէն զգայնութիւն ցուցաբերուած է, իսկ միւս կողմէ կանխուած են ակամայ ծնունդ առնելիք գրգռութիւնները։ Թէ՛ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն եւ թէ անվտանգութեան պաշտօնեաներուն հետ սկսած է ազդու եւ համերաշխ համագործակցութեան մթնոլորտ մը։ Գուզկունճուքի յունաց եկեղեցւոյ եւ սինակոկի վարչական խորհուրդներն ալ այս հարցին շուրջ ցուցաբերած են զօրակցութիւն։ Թաղային խորհուրդը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս խնդրին շուրջ ցուցաբերած են զգայնութիւն։ Այս ծիրին մէջ մասնաւորապէս շեշտուած են մեր բարերարներէն Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Մոնիք Երկանեանի անունները։ Թաղային խորհուրդը բարձր գնահատանքի արժանացուցած է նաեւ քաղաքացի Եունուս Ճանը, որ ներողութիւն խնդրելու համար եկեղեցի այցելութեան փութացած է եւ նուիրած է 300 լիրա։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները շեշտած են, որ հասարակութեան բոլոր խաւերէն հասած պատգամներուն շնորհիւ դժուարին իրավիճակին մէջ զգացած են, թէ առանձին չեն։

Միւս կողմէ, իշխանութիւններն ալ արձագանգեցին այս դէպքին։ Արդարադատութեան նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլ անընդունելի նկատած է այս արարքը։ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի նախագահ Նաճի Պոստանճը պախարակած է այս յարձակումն ու թշնամական վերաբերմունքը։ Իր խօսքով՝ օրէնքով նախատեսուածը պիտի կատարուի ենթակայի պարագային։

Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան կը յայտնէ, որ աշխարհի ամէն կողմը պէտք է բացառուին այս դէպքերը։ Մզկիթի, եկեղեցւոյ եւ սինակոկի նման սրբավայրերու պարագային այսպիսի դէպքեր պէտք չէ ապրուին։ Իսկ Գուզկունճուքը ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ ամբողջ աշխարհի համար խաղաղութեան եւ կրօններու համակեցութեան խորհրդանշան մըն է։

Միւս կողմէ, Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան այսօր առաւօտեան ժամերուն այցելեց Գուզկունճուքի եկեղեցին։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020