ԱԼԻՍ ՊԱՅՐԱՄ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻԻ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ որոշած է հեռանալ իր պաշտօնէն։ Երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Ալիս Պայրամի հետ, որ հաստատեց համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած այս լսումը։ Ան յայտնեց, որ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ իր միջեւ միջոց մը առաջ անցած էր նման խօսակցութիւն մը։ Ի շարունակութիւն, անցեալ ուրբաթ վերստին խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է թաղային խորհուրդին եւ տնօրէնուհիին միջեւ։ Այս առթիւ Ալիս Պայրամ կրկնած է իր մտադրութիւնը պաշտօնը լքելու մասին, իսկ թաղային խորհուրդը որեւէ առարկութիւն չէ ունեցած։ Խօսակցութեան մթնոլորտէն բխած երեւոյթը եղած է, որ թաղային խորհուրդը հաւանութիւն կու տայ տնօրէնուհիի հեռանալուն։ Այսպէսով, ձեւով մը փոխադարձ ըմբռնումով Ալիս Պայրամ հրաժեշտ կ՚առնէ տնօրէնուհիի պաշտօնէն։  Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանը յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ պիտի ունենայ նոր տնօրէն մը։

Ալիս Պայրամ հեռախօսազրոյցի ընթացքին մեզի յայտնեց, որ մտադիր է քիչ մը աւելի ժամանակ յատկացնել ինքզինքին եւ ընտանիքին։ Ներկայիս ինքն ալ վերջնական որոշում տուած չէ, թէ ուրիշ պաշտօն պիտի ընդունի՞ կամ ոչ։

Պաքըրգիւղի ընտանիքին հետ նոյնացած, խորհրդանշական անուն մըն է Ալիս Պայրամ, որ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհիի պաշտօնին մէջ յաջորդած է Հերմինէ Պենլիօղլուին։ Պոլսահայ կրթական համակարգին երկար տարիներէ ի վեր նուիրեալ ծառայութիւններ մատուցած դէմք մը եղած է ան։ Տատեան վարժարանէն ներս զանազան պաշտօններ զբաղեցնելէ վերջ ստանձնած է տնօրէնուհիի պաշտօնը՝ որպէս քաջատեղեակ կրթական մշակ։ Իր տնօրէնութեան շրջանին զուգադիպած է Տատեան վարժարանի այսօրուան համալիրի կառուցումը։ Այսինքն, ան մաս կազմած է դպրոցի մերօրեայ վերելքը կերտած խումբին։ Ընդհանրապէս իր պաշտօնը արդարացուցած է Ալիս Պայրամ, որ միշտ խրախուսած է նաեւ ընկերամշակութային շարժումները՝ դպրոցի մակարդակը բարձր կէտի վրայ պահելու ձգտումի կողքին։

Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի աղբիւրները առայժմ ոչինչ հաղորդած են, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Տատեան վարժարանի յաջորդ տնօրէնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2020