ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն 13 աշակերտներ, որոնց կ՚ընկերանային նաեւ իրենց ուսուցիչները։ Նորին սրբազնութեան կողքին էր Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։

Երեւանէն ժամանած աշակերտները մասնակցութիւն բերած էին Իզմիրի մէջ կազմակերպուած ամառնային ճամբարի մը, որու ծրագիրը կը վերաբերէր անջրպետային պրպտումներու։ Հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց մասնակցութիւն բերած ծրագրին շուրջ։

Նորին սրբազնութիւնն ալ ողջունեց Երեւանէն ժամանած աշակերտներու ներկայութիւնը Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Ան հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին։ Հանդիպման աւարտին նորին սրբազնութիւնը փոխանցեց իր օրհնութիւնները եւ յաջողութեան մաղթանքները։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019