ԲԵՄԱԴՐԻՉ ԱՐԹՕ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՊԻՏԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒԻ ԱՅՍ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԷՍԻՆ
Կը տեղեկանանք, որ ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս պիտի ոգեկոչուի անմոռանալի թատերական գործիչ Արթօ Պէրպէրեան։ Յառաջիկայ 1 Դեկտեմբերին Արթօ Պէրպէրեանի մահուան 17-րդ տարելիցը պիտի նշուի եւ այս առթիւ իր հարազատներուն կողմէ նախատեսուած է ծրագիր մը։ Թէեւ 17-րդ տարելիցը յոբելենական չի համարուիր, սակայն Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս բացուած «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուես-տանոցի աշխատանոցը առիթ հանդիսացած է այս նախա-գըծի մշակման։ Արդարեւ, ծանօթ է, որ Արթօ Պէրպէրեան վերջին շրջանին իր ամբողջ գործունէութեան առանցքը դարձուցած էր Գարակէօզեան սանուց միութեան հաւաքատեղին։ Այդ սրահը, որ այսօր գոյութիւն չունի, հիւրընկալ երդիք մը դարձած էր իր թատերախումբին համար։ Ներկայիս, երբ նախկին սանուց միութեան գտնուած համալիրէն ներս գեղարուեստական նոր կեդրոն մը գործել սկսած է, Արթօ Պէրպէրեանի սաները փափաքած են յիշողութիւն թարմացնել եւ իր վախճանման տարելիցի շրջանին այնտեղ մթնոլորտ ձեւաւորել։
Ուրեմն, այս շաբթուան երկրորդ կէսին «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ պիտի ներկայացուին Արթօ Պէրպէրեանի կողմէ բեմադրուած կամ պատրաստուած երեք տարբեր ներկայացումներու տեսագրութիւնները։ Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբերին նորակառոյց կեդրոնի շարժանկարի սրահին մէջ պիտի ցուցադրուի Արթօ Պէրպէրեանի կողմէ բեմադրուած «Հին Աստուածներ» խաղին տեսագրութիւնը։ Օր մը վերջ՝ Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբերին պիտի ներկայացուի տեսագրութիւնը դարձեալ իր կողմէ բեմադրուած «Yedi Kocalı Hürmüz»ին։ Եռօրեայ շարքի վերջին փուլին՝ Շաբաթ, 3 Դեկտեմբերին պիտի ցուցադրուի «Քաջ Քիշոտ Տոն Նազար»ին տեսագրութիւնը։ Արթօ Պէրպէրեան կենդանութեան օրերուն ձեռնարկած էր այս վերջին խաղի պատրաստութիւններուն, սակայն, դժբախտաբար, Նախախնամութիւնը թոյլ չէր տուած, որ ան ի կատար ածէր այդ գործը։ Հետեւաբար, յետմահու իր աշխատանքը տեւականացուած էր կողակցին՝ յայտնի արուեստագիտուհի Պերճուհի Պէրպէրեանի կողմէ։ Այս խաղը պարերով զուգորդուած թատերական ներկայացման մը ձեւաչափը ունի։ Բոլոր ձեռնարկները պիտի սկսին ժամը 20.30-ին։
Այս ցուցադրութիւններու շարքի կազմակերպման ուղղութեամբ լուրջ պատասխանատուութիւն ստանձնած է մեր գեղարուեստական աշխարհի յայտնի դէմքերէն մին՝ Սօնա Մենթեշէ։ Ան տենդագին աշխատանք տարած է թեքնիկ պատրաստութիւններուն ուղղութեամբ։ Իր կանխատեսումներով, մօտալուտ ցուցադրութիւնները պիտի համախմբեն այդ խաղերու դերակատարները եւ Արթօ Պէրպէրեանի մերձաւորները։ Սօնա Մենթեշէի խօսքերով, յաջորդող շրջանին համայնքային այլ երդիքներու տակ եւս հաւանաբար կրկնուին սոյն ձեռնարկները, սակայն տակաւին այդ գործընթացը վերջնականօրէն չէ հասունցած։
Մօտալուտ ներկայացումներու շարքը անտարակոյս ունի զգացական մեծ նշանակութիւն, նաեւ ապահովաբար շատ լաւ առիթ մը պիտի ըլլայ՝ Արթօ Պէրպէրեանի թողած ժառանգի արժեւորման եւ այդ մէկը ներշնչանքի միջոց դարձնելու տեսանկիւնէն։