ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Այս շաբաթավերջին պիտի նշուի Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան տարեդարձը ու պիտի սարքուի դպրոցի ի նպաստ սիրոյ սեղան, որու ընդառաջ խնամակալութեան ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան։ Նորին սրբազնութիւնը խնամակալներէն ամփոփ տեղեկութիւններ քաղեց Գալֆաեանի ներկայ կացութեան շուրջ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ խնամակալներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2019