ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ «ՑԿԵԱՆՍ ԵՐԱԺՇՏԱՊԵՏ» ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ ՎԵԹԵՐԱՆ ՇԱՐԱԿԱՆԱԳԷՏ ՆՇԱՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՉԱԼԿԸՃԵԱՆԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ու Լեւոն Սրկ. Գույումճեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, որ Պէյօղլուի ընտանիքը որոշած է մեծարել վեթերան շարականագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանը։ Այս վերջինը իսկական վարպետ մը, ուսուցիչ մըն է շարականներու գծով, սակայն մօտաւոր անցեալի վարչական ցնցումներու մթնոլորտին մէջ ակամայ ընդհատած էր իր ծառայութիւնը Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Այժմ, Պէյօղլուի ընտանիքը որոշած է իր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը վերականգնել Նշան Սրկ. Չալկըճեանի նկատմամբ։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան տեղեկացուցին, որ այս շաբաթավերջին, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը նախատեսուած է՝ ի պատիւ վեթերան շարականագէտին։ Այս առթիւ պիտի ընթերցուի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի Օրհնութեան գիրը։ Պէյօղլուի ընտանիքը որոշած է վեթերան շարականագէտին շնորհել՝ ցկեանս երաժշտապետի կոչումը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2023