ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏՈՎ ՈՒ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ԱՄԱՆՈՐԸ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը նոր տարին կը դիմաւորէ աւանդական խանդավառութեամբ։ Երէկ, տեղի ունեցաւ երկու ձեռնարկներ, որոնք խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ համախմբեցին թաղեցիները։

Առաւօտուն, Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու Ամանորի խրախճանք մը։ Ներկայ էին տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Ժագլին Էրմէն, ծնողներ եւ հիւրեր։ Ուսուցչուհիներ Սելին Տուրսուն, Նաթալի Մուխթարեան, Գարին Ահրուն եւ Թարա Մէյտան վերահսկած էին յայտագրի պատրաստութիւնը։ Փոքրիկները հանդէս եկան երգերով, պարերով, արտասանութիւններով ու թատերակներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Հուսկ, Կաղանդ պապուկը դահլիճ ժամանելով յանձնեց անոնց նուէրները։

Երեկոյեան ալ դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ բոլոր թաղեցիներուն բաց խրախճանք մը։ Մեծ վրան մը լարուած էր եւ ան ծառայեց որպէս ջերմ երդիք մը՝ համախմբելու համար թաղեցիները։ Ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, Մէրամէթճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան, տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Սիրան Սուրքի եւ այլ հիւրեր։ Ժանէթ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած ծնողաց միութիւնը պատրաստած էր տօնական շրջանի բացօթեայ հաւաքոյթներուն բնորոշ պատուասիրութիւն մը։

Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտներն ալ ելոյթներով մասնակցութիւն բերին երեկոյթին։ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ անոնք ներկայացուցին խմբերգներ եւ Յակոբ Կիւլէչի մականին ներքեւ՝ պարեր։ Բոլորն ալ արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։

Ամանորի խրախճանքի պատուոյ հիւրն էր Կաղանդ պապուկը, որ ջերմօրէն շրջապատուեցան խրախճանքի մասնակիցներուն կողմէ։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017