ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը այս տարեմուտին եւս Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ համախմբուեցաւ գոհաբանական աղօթքի մը համար։ Տարեմուտի առթիւ տեղի ունեցած հոգեւորականաց դասու աւանդական հաւաքին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ եկեղեցականաց դասը թափօրով մուտք գործեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու վեղարաւոր հայրերն ու բազմաթիւ քահանայ հայրեր։

Յաւարտ արարողութեան Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան ընթերցեց Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեան գիրը, որով Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեանի վաստակն ու ծառայութիւնը գնահատելով՝ իրեն կը շնորհէր աւագութեան պատիւ։ Այսպէսով, Կրօնական ժողովի ատենապետ դառնալէ վերջ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան արդէն դարձաւ աւագերէց։ Այս առթիւ բոլոր հոգեւոր եղբայրները ջերմօրէն շնորհաւորեցին Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց տէր հայրը եւ արեւշատ տարիներ մաղթեց իրեն։

Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան արարողութիւնը աւարտին հասաւ ծնկաչոք եւ միաբերան երգուած «Տէր ողորմեա»ով ու Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնով։

Աւելի վերջ հոգեւորականաց թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց դասու ամանորեայ հաւաքը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ ներկայ հոգեւորականներուն Ամանորի պատգամը փոխանցեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցւոյ համար դժուար եւ յուզումնալի տարի մըն էր 2021 թուականը, երբ վախճանեցան Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանն ու Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը։ Ան բոլորը հրաւիրեց աղօթելու, որ Աստուած նոր մշակներ հանէ իր անդաստանին համար։ Աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ամփոփեց անցեալ տարին եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ, որպէսզի սպառի համավարակի ազդեցութիւնը եւ յառաջիկայ տարին ըլլայ աւելի պտղաբեր թէ՛ իւրաքանչիւրին համար յատկապէս եւ թէ համայնքային եւ եկեղեցական կեանքին համար ընդհանրապէս։

Հաւաքը իր աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վերջին օրհնութեամբ եւ աւանդական անուշապուրի հիւրասիրութեամբ, շնորհաւորութիւններու փոխանակումով։

Բացի մեր հոգեւորականաց դասու անդամներէն, Ամանորի առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկտեղուեցաւ նաեւ Պատրիարքարանի անձնակազմին հետ, որու անդամներուն եւս փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։

Միւս կողմէ, նոր տարուայ առաջին օրը Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ամանորի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Էրճան Սրկ. Քարափէքմէզ, Գրիգոր Սրկ. Սամուէլեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վառվառեան դպրաց դաս-երգչախումբի եւ քոյր դպրաց դասերու անդամներէն բաղկացեալ խառն կազմի մը կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Նորին Ամենապատուութիւնը նախ շնորհաւորեց Նոր տարին եւ ըրաւ բարեմաղթութիւններ։ Ան աւելի վերջ խօսեցաւ մեր ապրած ժամանակի եւ վայրի գաղափարի մասին։ Անդրադառնալով յատկապէս վայրի կարեւորութեան՝ Նորին Ամենապատուութիւը ըսաւ, որ Գումգաբուի Դրսի եկեղեցին ունի առանձնայատուկ տեղ մը եւ այս պատճառով կը փափաքի ամէն Ամանորի Ս. Պատարագին ըլլալ այնտեղ, որովհետեւ անցեալին հովուական պաշտօն վարած է այդ եկեղեցիէն ներս։

«Ամանոր եւ նման օրերը լաւ առիթներ են, որպէսզի մտածենք, թէ ի՛նչ է կեանքը։ Ինչպէս Տէր Յիսուս կ՚ըսէ, ամենաթանկագին բանն է կեանքը։ Հարցը հետեւեալն է. ի՞նչ կ՚արժէ կեանքը մեզի համար։ Կեանքը արժեւորելու երկու տարբեր ձեւեր կան։ Կեանքը ինքնին արժէք ունի եւ լաւ պէտք է ապրիլ զայն։ Մինչեւ վերջը պէտք է ապրիլ կեանքը։ Այս է առաջին ձեւը։ Կայ նաեւ այլ ձեւ մը, որ յատուկ է քրիստոնեաներու եւ կարգ մը մարդոց համար միայն։ Ըստ որում՝ կեանքին ինքը արժէք չունի, այլ ան ուրիշ կեանքի մը՝ աւելի ընդարձակ եւ յաւիտենական կեանքի մը համար կամուրջ մըն է միայն։ Կամուրջ ըլլալու արժէքն ունի։ Քրիստոնեաներուն համար կեանքին իմաստը կը կայանայ այս կեանքէն դէպի յաւիտենական կեանք միջնորդութեան մէջ», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը հարցում-պատկերով մը բացատրեց նիւթը։ Ճամբան քալելու ընթացքին կը գտնէք ոսկեայ խոշոր բանալի մը։ Կարելի է վաճառել զայն եւ գումար մը ապահովել։ Սակայն խելացի մարդը կը մտածէ, որ նման բանալի մը ո՞վ գիտէ ինչպիսի գանձի մը կղպանքը կրնայ բանալ։ Մեր Հոգեւոր Պետը հաւատացեալները հրաւիրեց վերեւի երկու ճամբով լուծելու հարցը եւ շարունակեց. «Բանալին առնել որպէս նի՞ւթ, թէ զայն օգտագործել որպէս բանալի։ Բանալին մեր կեանքն է, մեր օրերն են։ 2022 տարիին 365 օրեր ունինք եւ անոնք արժէք ունին։ Շատ բան պիտի պատահի կամ կարելի է ընել այս տարուան ընթացքին։ Այս մէկը բանալին ծախելն է։ Կը ծախենք, գումարը կը մսխենք եւ կը վերջանայ։ Իսկ եթէ մենք այդ բանալին՝ կեանքը կ՚առնենք եւ կ՚ըսենք. «Իմ այս թանկագին կեանքս ինչո՞ւ կ՚ապրիմ։ Այս կեանքը աւարտելէ առաջ ի՞նչ պէտք է ընեմ, ինչպէ՞ս արժեւորեմ»։ Այս հարցումներու պատասխանները կը յիշեցնեն, թէ մենք մեր այս կեանքը պէտք է օգտագործենք Աստուծոյ արքայութեան դռները բանալու համար։ Այդ բանալին մեր կեանքն է՝ մեզի տրուած օրերն են։ Եւ որոնումի մեր քարտէսը Աստուածաշունչն է։ Անով կը գտնենք ճամբան, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսն է։  Եւ մենք Աստուծոյ խօսքի առաջնորդութեամբ կը գտնենք ու կը հասնինք յաւիտենական կեանքին։ Աստուծոյ խօսքին մէջ բացայայտօրէն կը տրուի, թէ Աստուծոյ որդին ինչպէս մարդացաւ, աշակերտներ ունեցաւ եւ անոնց միջոցաւ սորվեցուց, թէ մարդ ինչպէս կրնայ յաւիտենական կեանքին տիրանալ»։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ նռօրհնէք։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը արտասանեց արձակման աղօթքը եւ տուաւ վերջին օրհնութիւնը։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ Ճիվանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Խաչիկ Սրկ. Սարըլըեան, Գէորգ Սրկ. Ներկիզեան, Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզեան, կիսասարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ առաջնորդութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Տէրունական աղօթքէն առաջ, Նորին Ամենապատուութիւնը նախ շնորհաւորեց նոր տարին եւ բարեմաղթանքներ ըրաւ, ապա յիշեցուց կարեւորը, թէ այս բոլորը բարեմաղթանքներու իրականացման համար ի՞նչ պիտի ընենք, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ներդրումը ու ըսաւ. «Աստուած բարիքները մարդոց միջոցաւ կու տայ։ Անոր համար 2022 տարին աւելի լաւ տարի մը կ՚ըլլայ, երբ մարդիկ կ՚աշխատին այդ բարիքներու իրականացման համար։ Հակառակ պարագային՝ նորութիւն պիտի չըլլայ, քանի նորութիւնը կը սկսի մարդու հոգիին մէջ»։ Ապա բացատրեց օրուան աւետարանական պարբերութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ Վերջին ընթրիքի ընթացքին Տէր Յիսուսի եւ Պետրոս առաքեալի զրոյցին մասին, երբ առաքեալը կը պնդէր, որ միշտ հաւատարիմ պիտի մնար իր Վարդապետին։ Այս դէպքէն մեկնելով՝ անդրադարձաւ, որ Տէր Յիսուս ուշադրութիւն կը հրաւիրէր այն իրողութեան, որ կեանքը, շրջանակը մարդը կը փորձեն։ «Անկումի մէջ ալ իյնանք, եթէ հաւատք ունինք եւ եթէ վառ պահենք այն հաւատքը, անկումը մեր վերջը պիտի չըլլայ եւ պիտի կարենանք վերականգնիլ։ Ամանորի պատգամը կը թելադրէ պահել մեր հաւատքը։ Կրնանք ամէն ինչ կորսնցնել, սակայն պարտինք պահել մեր հաւատքը», ըսաւ ան։ Նորին Ամենապատուութիւնը նմանութիւն մը ընելով ըսաւ, որ հաւատացեալը կը նմանի գնդակի մը, որ հոգ չէ թէ ջուրի մէջ ընկղմի, եթէ հաւատք ունի, առաջին առթիւ որ ազատ կը մնայ, անմիջապէս ջուրին երեսը կը բարձրանայ։ Պէտք է հարցնենք, թէ այդ հաւատքը ունի՞նք կամ ոչ եւ պահենք մեր հաւատքը։ Հաւատքը ինկած մարդը վերստին ոտքի կը հանէ։ Յիսուս աղօթեց, որ Պետրոսի հաւատքը չսպառի։ Մենք ալ աղօթենք իրարու համար, որ մեր հաւատքը չհատնի։ Նոյնիսկ համավարակի պայմանները սաստկանան, տնտեսական ճգնաժամը աւելի դժուարացնէ մեր կեանքը, մեր հաւատքով միայն կարելի կ՚ըլլայ յաղթել այս բոլորին եւ վերագտնել մեր ներքին անդորրութիւնը։ Այս մէկը պէտք է ընենք թէ որպէս անհատ եւ թէ որպէս հաւաքականութիւն, որպէսզի յարատեւենք ապրիլ։ Այդ հաւատքը պիտի փրկէ մեզ։ Հաւատքով է, որ մեր Արարիչէն բան մը պիտի կարենանք խնդրել։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ մեր Հոգեւոր Պետին Պահպանիչ աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։

Երկուշաբթի, Յունուար 3, 2022