ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քահանայ Գույումճեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց թաղականներու այցելութիւնն ու շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։ Ռումելիհիսարի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ նշեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը տուին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար։ Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թաղային խորհուրդի անդամներուն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023