ԿԵՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ՝ ՄԻՇՏ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԻՐԵՆՑ ԵՐԱԶԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի մէջ հրաժեշտի վաղաժամ հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ այս տարուայ շրջանաւարտներուն համար։

Դպրոցի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն՝ աշխատանքները կը շարունակուին, կրթական գործունէութիւնը կը շարունակուի կայուն թափով։ Վարժարանի համար կազմակերպուած այս տարուան հերթական հանգանակութեան արդիւնքը բաւարար չէ եղած պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու։ Կ՚ակնկալուի, որ տարուայ ընթացքին ուրիշ նուիրատուութիւններ կատարուին, նաեւ այլ ձեռնարկներ իրագործուին, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթահարել ներկայ դժուար ժամանակաշրջանը։ Դպրոցի արձանագրած ձեռքբերումները հետզհետէ աւելի բարձր գնահատանքի կ՚արժանանան եւ զուգահեռաբար՝ զօրակցութեան մակարդակն ալ կը բարձրանայ։

2019-2020 ուսումնական տարիին դպրոցը ունեցաւ 10 շրջանաւարտ։ Ըստ ձեւաւորուած նախընթացին՝ անցեալ տարուայ շրջանաւարտները վերադարձան Հայաստան, ուր ստացան միջնակարգի վկայական եւ հետամուտ եղան իրենց կրթութեան նոր փուլին։ Անոնց յաջողութիւնը ապացոյց մըն է դպրոցի գործունէութեան արդիւնաւէտութեան տեսակէտէ։

2020-2021 ուսումնական շրջանին դպրոցը ունի 15 շրջանաւարտ։ Քորոնաժահրի համաճարակի բերումով վերջին երկու տարուայ շրջանաւարտները արտասովոր պայմաններու ներքեւ հրաժեշտ կ՚առնեն դպրոցէն։ Այս տարուայ շրջանաւարտներու պարագային ալ կացութիւնը եղած է նոյնը։ Համաճարակի անբարենպաստ պայմաններուն հետեւանքով անոնց մէկ մասը աշնան արդէն վերադարձած էր Հայաստան, իսկ միւս մասն ալ անցեալ ամիս վերադարձաւ։ Բոլորն ալ Հայաստանի մէջ առանց դժուարութիւններու կը շարունակեն իրենց ուսումը։ Դպրոցի տնօրէնութիւնը կարգադրած է, որ համաճարակի սահմանափակումներուն համապատասխան ձեւով հրաժեշտի վաղաժամ խորհրդանշական արարողութիւն մը տեղի ունենայ ընթացաւարտներուն համար։ Աւարտական՝ 9-րդ դասարանի աշակերտները արդէն վերջին երեք ամսուան ընթացքին միշտ իրենց ուսումը կը շարունակեն Հայաստանի մէջ, որպէսզի կարողանան քննութիւններու մասնակցիլ եւ վկայական ստանալ։ Սա այն ճանապարհն է, որ կ՚երաշխաւորէ իրենց ուսման շարունակութիւնը՝ ընդհուպ մինչեւ համալսարան։ Թէեւ վերջին դասարանցիները այդպիսի հեւքի մը մէջ կը գտնուին, սակայն տնօրէնութիւնը երբեք չ՚անտեսեր անոնց նաեւ զգացական կարիքները եւ հրաժեշտի արարողութիւնը կը շարունակէ մասնաւոր նշանակութիւն ունենալ յաչս շրջանաւարտներու։ «Հրանդ Տինք» վարժարանը առանձնայատուկ առաքելութիւնով կրթական հաստատութիւն մըն է։ Հայաստանէ արտագաղթած ընտանիքներու զաւակները հիւրընկալելով՝ այս դպրոցի ջերմ երդիքը տարրական ուսումէ շատ աւելին կու տայ աշակերտներուն։ Արտագնայ աշխատանքի ստիպողութեամբ՝ շատ յաճախ աշակերտները չեն վայելեր իրենց հօր կամ մօր նոյնաժամանակ ներկայութիւնը։ Այդ պայմաններուն ներքեւ, դպրոցը կը փոխարինէ նաեւ ծնողի ջերմութիւնը, մարդակերտման եւ դաստիարակչական անհրաժեշտութիւններով հանդերձ։ Այդ ամբողջի զգացական գագաթնակէտը կը հանդիսանան շրջանաւարտներու համար նախատեսուած հրաժեշտի արարողութիւնները։ Ուստի, ուրախառիթ է, որ համաճարակի դժուար պայմաններով հանդերձ այս տարուան շրջանաւարտներն ալ չեն զրկուած այդ գագաթնային, վառ պահէն։

«Հրանդ Տինք» վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլին կողմէ գլխաւորուած կամաւորներու վարչութիւնը գերմարդկային ջանքեր կը գործադրեն, որպէսզի ան հաւատարմօրէն ծառայէ իր լինելութեան նպատակին։ Անոր գոյութիւնը բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ կ՚արդարանայ եւ պատասխանատուները այդ ճանապարհին վրայ ցուցաբերուած աջակցութեան համար վերանորոգ երախտագիտութիւն կը յայտնեն՝ Պատրիարքական Աթոռին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան, թրքահայ բոլոր բարենպատակ հաստատութիւններուն, բարերարներուն, համայնքի անդամ՝ անհատ համակիրներուն եւ համայնքային մամուլին։ Պատասխանատուները շնորհակալութիւն կը յայտնեն նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։

Այս տարուան շրջանաւարտներուն անունով բաւական դիպուկ արտայայտութիւն մը ունեցած է Ալվարդ Աւագեան, որ «Հրանդ Տինք» վարժարանը որակած է մեծ ու ջերմ ընտանիք մը։ «Մանկապարտէզը աւարտելով՝ նոյն յարկին տակ շարունակեցի ուսումս։ Այստեղ ստացած եմ բազում գիտելիքներ, այստեղ ստացած եմ ուսուցիչներուս խրատները, գովասանքները։ Այստեղ անցած են իմ ուրախ ու տխուր օրերը։ Շատ յիշողութիւններ կան, անմոռանալի ու լուսաւոր օրեր։ Ունեցած եմ անմոռանալի ուսուցիչներ, որոնք բացի առարկայական դասէն, տուած են նաեւ կեանքի դասեր՝ համեմուած իրենց խորհուրդներով եւ փորձառութեամբ։ Բացի ուսուցիչէն անոնք եղած են նաեւ հոգատար ընկեր, որուն համար երախտապարտ եմ եւ շնորհակալ։ Ես հպարտ եմ, որ ուսանած եմ «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ։ Իսթանպուլի մէջ թողելով իմ դպրոցը, մանկութիւնս ու պատանեկութիւնս, սրտիս մէջ փայփայելով թանկ յուշեր՝ մեկնեցայ իմ հայրենիքը՝ Հայաստան երազանքներուս ետեւէն», ըսաւ Ալվարդ Աւագեան, որ աւարտական դասարանի առաջինն է։  

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021