ՍՊԻՏԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ թեկնածու խումբերը արդէն սկսած են քարոզչական աշխատանքի։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Լուսաւոր ապագայ» խմբակին հաւաքը։ Թեկնածուական այս խումբը մարտի 12-ին նախատեսուած քուէարկութեան օրը համայնքին պիտի ներկայանայ՝ որպէս սպիտակ ցուցակ։ Ուստի, երէկուան երեկոյթը ունէր սպիտակներու հաւաքի բնոյթ մը։

«Շիրինօղլու» սրահը այս առթիւ հիւրընկալեց հոծ բազմութիւն մը։ Ներկաներու շարքին էին համայնքային շրջանակներէն յայտնի դէմքեր, համայնքային վարիչներ, ինչպէս նաեւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական վարչական խորհուրդի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ թեկնածուական խումբէն Ռաֆֆի Սիւզմէի հանդիսավարութեամբ։ Հարկ է նշել, որ «Լուսաւոր ապագայ» սպիտակներու խումբը կը գլխաւորուի Աքսել Թոփալեանի կողմէ։ Ցանկին մէջ ընդգրկուած են նաեւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր. օրինակ՝ Խաչիկ Ճանէլ, Այգ Նալպանտղազարօղլու, Կիւլիւզար Արթուչ, Լենա Ենիեորկան, Առէն Տատըրօղլու եւ այլք։

Երեկոյթի ընթացքին «Լուսաւոր ապագայ» խմբակի ներկայացուցիչները մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուին սպիտակներու ծրագրին շուրջ։ Անոնք զանազան առանցքներու շուրջ կը պատկերացնեն իրենց ապագայ գործունէութիւնը։ Այդ հիմնական առանցքներուն շուրջ երէկ հրապարակուեցան որդեգրուած նպատակները եւ նախատեսուած գործադրութեան եզրերը՝ իւրաքանչիւր ճիւղի պատասխանատուութիւնը ստանձնելիք թեկնածուին կողմէ։ Այսպէս, սպիտակներու խումբը գործունէութեան գլխաւոր առանցքներու շարքին կը դասէ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի հովանաւորութեան ներքեւ գործող կառոյցները։ Եկեղեցին, կրթութիւնը, կալուածները, իրաւական գործերը, ելմտական գործերը, հաշուեկշիռը, հասարակութեան հետ յարաբերութիւնները, ընկերային օժանդակութիւնը, մշակոյթն ու գեղարուեստը, սանուց միութիւնը, երիտասարդութիւնն ու մարմնամարզը, այն հիմնական ուղղութիւնները կը հանդիսանան, որոնք ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձուին սպիտակներու այս թեկնածուական ցուցակին կողմէ։

Երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին տեսանիւթերու զուգահեռ մանրամասն բացատրութիւններ տրուեցան այս բոլորին շուրջ՝ մինչ ներկաներ հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ հարցումներ ուղղելու։   

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2023